«ԱՍՊԱՐԷԶ»
ՀՄԸՄի ղեկավարութիւնը ողջունելի քայլը առաւ՝ Նաւասարդեան այս մարզախաղերը «Արցախի Հետ, Արցախի համար» կարգախօսով կազմակերպելու:
Երիտասարդութիւնը ազգային ոգիով դաստիարակելու առաքելութեան լծուած մարզական-սկաուտական այս մեծ կազմակերպութեան համար բնական էր, որ քառօրեայ հերոսական պատերազմի մարտադաշտ դարձած Արցախը պէտք էր գրաւէր առանցքային տեղ ՀՄԸՄի անունը կրող նաւասարդեան խաղերուն ընթացքին, որպէսզի հազարաւոր հայորդիներու հետ, մեր բանակի խիզախութեամբ միասնաբար ոգեշնչուելու, մեր նահատակ զինուորներուն նուիրումով հպարտանալու առիթ ծառայէին անոնք:
Մենք հպարտ ենք մեր մարզիկներով, մեր սկաուտներով եւ վստահ ենք, որ անոնք պատրաստ են իրենց բաժինը բերելու հայրենիքի անվտանգութեան, հզօրացման համահայկական ճիգերուն:
Մենք կը գնահատենք ՀՄԸՄի ընտանիքը, իբրեւ համայնքային եւ ազգային կեանքի շարժիչներէն մէկը, իսկ ՀՄԸՄը՝ երիտասարդ սերունդի կարեւոր հատուած մը ներգրաւելու, համախմբելու կարողութեամբ փայլող եզակի կառոյց մը:
Մենք այս օրերուն կը ծափահարենք մեր մեծ ու փոքր մարզիկներուն մասնակցութիւնը Նաւասարդեան մարզախաղերուն, յուզումով ու հպարտութեամբ կը լեցուինք անոնց ներկայութեամբ, յաղթանակներով ու նոյնիսկ պարտութիւններով, կը ներշնչուինք անոնց խանդավառութեամբ: Այս կեանքոտ, կենսունակ միջավայրը շառաչուն ապտակ է մեզ բնաջնջել փորձած պատմական թշնամիին՝ անոր ձախողութեան աղաղակող փաստերէն մէկը հանդիսանալով:
ՀՄԸՄը՝ իր բազմաճիւղ գործունէութեամբ, արժանի է մեր բոլորին գուրգուրանքին, նեցուկին, որպէսզի անիկա նուաճէ նորանոր բարձունքներ, որպէսզի անիկա շարունակէ դրօշակակիր դառնալ Արցախին ու Հայաստանին զօրակցելու գաղափարին: