ԳԻՒՄՐԻ, «Արմէնփրէս».– Գիւմրիի Վարդանանց հրապարակին վրայ 25 Յունիսին Հռոմի Ֆրանսիս պապին կողմէ մատուցուելիք Ս. պատարագին ներկայ գտնուիլ փափաքողներուն համար տոմսերը արդէն տպագրուած են եւ սկսած են տրամադրուելու։
«Արմէնփրէս»ի լրագրող Արմէնուհի Մխոյեանի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած են Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանէն: Դիմում ներկայացուցած անձերը իրենց հրաւիրատոմսերը կրնան ստանալ Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանէն՝ մինչեւ 22 Յունիս, իսկ Երեւանի մէջ Քանաքեռի Ս. Գրիգոր Նարեկացի ժողովրդապետութենէն, այլ շրջաններու մէջ հրաւիրատոմսերը պիտի բաժնուին ժողովրդապետներուն միջոցով: Իւրաքանչիւր հրաւիրատոմսի վրայ գրուած է դիմում ներկայացուցած անձին անունը, մականունը, ինչպէս նաեւ տոմսին թիւը, իսկ տոմսին ետեւի կողմը քարտէսին վրայ սլաքով ցոյց տրուած է այն փողոցն ու վայրը, ուրկէ մասնակիցը մուտք պիտի գործէ Վարդանանց հրապարակ: «Հրաւիրատոմսերը անվճար են: Չպէտք է հաւատալ այն ստայօդ լուրերին, թէ հրաւիրատոմսերը վաճառւում են եւ կամ տրամադրւում տուրիստական գործակալութիւնների կողմից: Հրաւիրատոմսերը կը տրամադրուեն բոլոր յայտագրուածներին», յայտնած են առաջնորդարանէն։