ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Երէկ այս սիւնակով անդրադարձած էինք բարեսիրական միութիւններու հաշուական գործունէութեան թափանցիկութեան կարեւորութեան: Ընթերցողներէն մէկը հարց տուած էր, թէ միայն բարեսիրական միութիւննե՞րն են, որոնք պէտք է թափանցիկ գործեն:
Ակնարկը հաւանաբար կ՛երթայ կրօնական ու քաղաքական կազմակերպութիւններու:
Կեդրոնանալով քաղաքական կուսակցութիւններուն վրայ, ապա անոնց գործունէութեան կարեւորագոյն ոլորտը քարոզչական աշխատանքն է, որ ենթադրաբար պէտք է թափանցիկութիւն ապահովէ կազմակերպութեան՝ հանգամանօրէն, հրապարակայնօրէն բացատրելով անոր հետապնդած հեռահար կամ անմիջական նպատակները, անոր գաղափարական սկզբունքներն ու ուղղուածութիւնը, անոր մշակած գործունէութեան ծրագիրը, անոր քաղաքական դիրքորոշումները, գնահատականներն ու կեցուածքները:
Քարոզչական այս աշխատանքին հետապնդած նպատակներէն մէկն է նոր անդամներ կամ համակիրներ ներգրաւել՝ կազ-մակերպութեան կառոյցը ուժեղացնելով, անոր հնարաւորութիւնները բազմապատկելով:
Քաղաքական այն ուժերը, որոնք կը թերանան քարոզչական գործին մէջ, դատապարտուած կ՛ըլլան ձախողութեան, շարքերու նօսրացման, մեկուսացման, կամ պարզապէս՝ ազգական-բարեկամ տարրերով նորոգուելու ճակատագիրին, որ ի վերջոյ աղանդի յատկանիշներով կ՛օժտէ զանոնք:
Թափանցիկութիւնը, այս պարագային, այնքա՛ն ալ նիւթական հաշուետուութեան հետ առնչութիւն չունի: Քաղաքական կազմակերպութիւնները, գոնէ մեզի ծանօթները, իրենց նիւթական յանձանձումներուն համար ունին վերահսկողական դրութիւններ, որոնց շնորհիւ կը կանխուին չարաշահումներն ու իւրացումները: Հանրային հաշուետուութեան նպատակայարմարութիւնը կրնայ վիճելի ըլլալ: Յամենայնդէպս, ինչպէ՛ս բարեսիրական կազմակերպութիւնները, այնպէ՛ս ալ կուսակցութիւնները, իրենց գործած երկիրներու օրէնքին պարտադրանքով նիւթական թափանցիկութիւն պէտք է ապահովեն: Ուրեմն, նկատի առնելով, որ այսպէս կամ այնպէս, քաղաքական կուսակցութիւնները հրապարակային հաշուետուութիւն կատարելու պարտաւորուածութիւնը ունին, ապա աւելի լաւ չըլլա՞ր, որ իրե՛նք բացուին ու ամբողջական հաշիւ տան ժողովուրդին:
Thanks for reply
Ամերիկեան օրէնքներով իրեւէ կազմակերպութիւն պէտք է թափանցիկ ըլլայ. ոեւէ քաղաքացը, իրեւէ ժամին իրաւունք ունի հաշըւ պահանչելու: Յստակ է այս: Բայց կա՞ն այդ տրամադրութիւններուն հետեւող կացմակերպութիւններ: Եթէ նիւթ բանաս, կը վռնտուիս եւ հազար տեսակ լուտանք կը լսես: Ամէն ինչ գաղտնի է, ինչո՞ւ, ի՞վ ըսաւ. Թափանցիկ ըլլալու են բոլոր անոնք որ դրամով կը գործեն: