ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Պոլսոյ մէջ մասնակցեցաւ համալսարանական շրջանաւարտից հանդէսի մը, որուն ընթացքին, ի միջի այլոց, անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած Գերմանիոյ անցեալին։
«Էյ Գերմանիա, դարձեա՛լ կ՛ըսեմ ահաւասիկ, նախ Հրէական Ողջակիզման հաշիւը պիտի տաս։ Դուն այն վերջին երկիրն ես, որ խորհրդարանի մէջ հայկական «կեղծ ցեղասպանութեան» մասին քուէարկութիւն կ՛ընէ։ Մենք այս կէտին վրայ արդէն իսկ որեւէ վարանում չունինք, նեղութիւն չունինք։ Մեր պատմութիւնը սպանդներու պատմութիւն չէ՛։ Մեր պատմութիւնը գթասրտութեան ու հոգածութեան պատմութիւն է։ Այս է ձեր եւ մեր միջեւ տարբերութիւնը», ըսաւ ան։
Ան նաեւ աւելցուց. «Եթէ դուք ձեր գործած ցեղասպանութիւններուն համար գործընկեր կը փնտռէք, ապա այդ գործընկերը մենք չե՛նք։ Իսկ եթէ այս հարցը մեզ ծեծելու համար իբր գաւազան պիտի գործածէք, ապա կը ներէ՛ք, բայց մենք չենք արտօներ»։
Էրտողան խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ Ափրիկէի երկիրները մեծ յարգանք ունին Թուրքիոյ նկատմամբ եւ բոլորն ալ սիրով ու ջերմ յիշողութիւններով կ՛ոգեկոչեն Օսմանեան կայսրութիւնը։ Ան անդրադարձաւ նաեւ թրքաբնակ հայերու կացութեան ու ըսաւ, որ մօտաւորապէս 100 հազար հայեր կ՛ապրին Թուրքիոյ մէջ, եւ անոնց կէսը «հիւր է», ինչպէս հիւր են Սուրիոյ ապաստանեալները։
«Մենք կը հիւրընկալենք Հայաստանէն եկող այս հայերը։ Երբ այսքան գթասիրտ ենք անոնց նկատմամբ, կարելի՞ է ներել գերմանացիներուն կողմէ Թուրքիոյ դէմ կատարուած ակնարկութիւնը։ Եթէ մենք հայերու թշնամին ըլլայինք, զանոնք Հայաստան ետ կը ղրկէինք»։
Էրտողան շարունակեց խօսքը՝ ըսելով, որ Գերմանիոյ մէջ կը պնդուի, թէ հայկական եկեղեցիները կը քանդուին կամ կը բռնագրաւուին, սակայն ընդհակառակը՝ «մենք հայերու եկեղեցիները իրե՛նց կը վերադարձնենք»։
Սիսի կաթողիկոսարանին կալոածները վերադարձուր որ հաւատան մարդիկ, Պարին կանուխ ծնած: