ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 6 Յունիսին ընդունած է Չինաստանի փոխվարչապետ Ճան Քաօլիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Նախագահ Սարգսեան ընդգծած է, որ այս այցելութիւնը կը վկայէ հայ-չինական երկկողմանի համագործակցութեան բարձր մակարդակին եւ զայն ամրապնդելու փոխադարձ փափաքին մասին: Նշելով, որ Չինաստան Հայաստանի միջազգային կարեւոր գործընկերներէն է, Սերժ Սարգսեան շեշտած է, որ հայ-չինական բազմադարեայ բարեկամական յարաբերութիւններու հետեւողական զարգացումը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն է:
Զրուցակիցները գոհունակութեամբ հաստատած են, որ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր հայ-չինական փոխգործակցութիւնը հետեւողականօրէն զարգացած եւ ընդարձակուած է՝ ներառնելով քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, կրթական եւ այլ ոլորտներ: Հայաստանի նախագահը եւ Չինաստանի առաջին փոխվարչապետը նշած են, որ, հակառակ արտաքին տնտեսական ցնցումներուն, վերջին տարիներուն աշխոյժ կերպով կը զարգանայ հայ-չինական տնտեսական համագործակցութիւնը: Միացեալ ծրագիրները, որոնք կը գործադրուին արդիւնաբերութեան, ուժանիւթի, գիւղատնտեսութեան, գիտութեան, թեքնիք եւ մշակոյթի բնագաւառներուն մէջ, ըստ անոնց, կարեւոր խթան են երկկողմանի յարաբերութիւնները որակական նոր մակարդակի բարձրացնելու համար:
Չինաստանի առաջին փոխվարչապետը կարեւոր նկատած է ԵԱՏՄի հետ առեւտրատնտեսական ոլորտին մէջ Չինաստանի հետ համագործակցութիւնը՝ նշելով, որ Հայաստան, որպէս ԵԱՏՄ անդամ պետութիւն, կրնայ իր ներդրումը ունենալ այդ ուղղութեամբ բանակցութիւններուն զարկ տալու առումով:
Կողմերը համակարծիք եղած են այն մասին, որ հայ-չինական յարաբերութիւններու խորացման ու ամրապնդման մեծապէս կը նպաստեն բարձր մակարդակի փոխայցելութիւնները, որոնք յատկապէս վերջին տարիներուն պարբերական բնոյթ կը կրեն:
Սերժ Սարգսեան եւ Ճան Քաօլին գոհունակութեամբ խօսած են միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ Հայաստանի եւ Չինաստանի համագործակցութեան մասին: Անոնք կարեւոր նկատած են նաեւ մշակութային կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ իրականացուող քայլերը, այդ պարունակին մէջ առանձնացնելով չինարէնի խորացուած ուսուցմամբ դպրոցի կառուցման ծրագիրը: Ըստ անոնց՝ նման դպրոցի կառուցումը խոստմնալից ներդրում է երկու երկիրներու ապագայ սերունդներուն միջեւ բարեկամութեան սերտացման առումով։
Հանդիպումէն ետք անոնց ներկայութեամբ սկսած է «Չինարէնի խորացուած ուսուցմամբ դպրոց Հայաստանում» ծրագիրը։