ԵՐԵՒԱՆ.– Ազգային ժողովի նիստին 2015 թուականի դրամավարկային քաղաքականութեան ծրագիրի կատարման հաշուետուութեան քննարկման ժամանակ Կեդրոնական դրամատան նախագահ Արթուր Ջաւադեան՝ պատասխանելով ՀԱԿ խմբակցութեան անդամ Արամ Մանուկեանի հարցումին, հաստատած է, որ ներկայիս Հայաստանի արտաքին պարտքի չափը վտանգաւոր չէ՝ թէ՛ օրէնքներով, թէ՛ միջազգային կառոյցներու ու մասնագէտներու գնահատականով:
Հաստատելով, որ Հայաստան վտանգուած գօտիին մէջ չէ, յայտնած է, որ կարեւորը այդ վարկերուն արդիւնաւէտութիւնն է:
«Իմ կարծիքով, լաւագոյն վարկային ձեւերն այն վարկերն են, որոնք պետութիւնը վերցնում եւ տրամադրում է համապատասխան այլ մարմինների, որից ակնկալիք ունի յետ ստանալ եւ յետ տալ: Այդ պրոցներն են ամենակարեւորը: Նման վարկեր ունենք: Կարելի է բեռը դնել բիզնեսի վրայ ու հետագայում ստանալ», ըսած է դրամատան նախագահը:
Անդրադառնալով ակնկալուած, արդէն նախաստորագրուած վարկերուն, որոնք, ըստ Արամ Մանուկեանի, տնտեսագէտները հաշուած են 800 միլիոն տոլարէն մինչեւ 1 միլիառ տոլար, Ա. æաւադեան ըսած է, որ մտահոգող որեւէ խնդիր չկայ: