ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները հրապարակած են յայտարարութիւն մը, որով դատապարտած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ յոյներուն դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը: Յայտարարութիւնը ստորագրած են Ազգային ժողովի «Հայրենիք», «Ժողովրդավարութիւն», «Դաշնակցութիւն», «Շարժում-88» եւ «Վերածնունդ» խմբակցութիւնները։
Յայտարարութեան մէջ նշուած է.
«-Հիմք ընդունելով միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքները եւ ցեղասպանութիւնը դիտարկելով որպէս մարդկութեան դէմ ուղղուած ծանրագոյն յանցագործութիւն.
– Համոզուած լինելով, որ ցեղասպանութիւնների ճանաչումը եւ դատապարտումը թոյլ կը տայ կանխել նոր ոճրագործութիւնները.
– Արձանագրելով հայ եւ յոյն ժողովուրդների դարաւոր բարեկամութիւնը եւ համերաշխութիւն յայտնելով Արցախի Հանրապետութեան յունական համայնքին՝
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները դատապարտում են Օսմանեան կայսրութիւնում յոյների հանդէպ իրականացուած ցեղասպանութիւնը»: