ՊՐԻԴՆԻ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ*
Հովը մարմինս կը շոյէ ու էութիւնս կը յափշտակէ: Հոգիս կնճռոտ ճամբու մը վրայ կը ծածանի, մինչեւ որ ապահով զգայ իր հաստատուած վայրով: Անծանօթ երկիրի մը մէջ կը թափառիմ ու յուսահատութեամբ կը խեղդուիմ: Հոգիս կը շրջի ու փրկութիւն կը փնտռէ բանաստեղծութեան մը մէջ:
Խճողուած գեղեցիկ գիրերը երազ մը կը նկարագրէ, ու միտքս կ՛երեւակայէ դրախտ մը: Կը փոխադրուիմ տարբեր երկիր մը, ուր անակնկալօրէն հանգիստ ու հարազատ կը զգամ: Կանաչ խոտին վրայ կը նստիմ, միտքս կը մարի ու զգացումներս կը վառին: Հիացած կը դիտեմ լեռնային դաշտը, որ զիս կը հսկէ, ու ես ապահովութիւն կը զգամ: Մատներս կը շօշափեն խոտին ցօղը, որ զիս կը շրջապատէ: Քիթս կը բուրէ հարիւրաւոր կարմիր կակաչներու անուշահոտը, ու հանդարտ հովը նորէն մարմինս կը շոյէ, բայց այս անգամ՝ էութիւնս չի գողնար: Սիրտիս պարապութիւնը կը լեցուի, ու վերջապէս՝ հոգիս կորսուած չի զգար:
Մի՛ արթնցնէք զիս. թողէ՛ք, որ քնանամ ու ձգեցէք, որ շարունակեմ երազել հայրենիքիս բնութեան մասին. միակ տեղը, ուր հոգիս հանգիստ կը զգայ:
Պրիդնի Մարգարեան 18 տարեկան է