ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուա գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 8 Ապրիլին հանդիպում ունեցած է իր ռուս պաշտօնակիցին՝ Սերգէյ Լաւրովի հետ:
Նախարարները քննարկած են ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ իրավիճակի լարման վերաբերեալ վերջին օրերուն եղած քննարկումները:
Էդուարդ Նալբանդեան ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք լուրջ հարուած հասցուած է ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման բանակցային գործընթացին եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահների ջանքերուն:
Սերգէյ Լաւրով նշած է, որ իրավիճակի սրման սկիզբէն Ռուսիան ջանքեր ի գործ դրած է կրակի դադրեցման ուղղութեամբ: Ան անընդունելի նկատած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ ուժի կիրառումը, կարեւորելով ռազմական գործողութիւններու դադրեցման մասին պայմանաւորուածութեան պահպանումը եւ նման իրավիճակներու կրկնութեան բացառումը, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափով բանակցային գործընթացի շարունակութեան համար համապատասխան պայմաններու ստեղծումը:
Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները կարեւոր նկատած են զինադադարի դրութեան ամրապնդման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն կողմէ կատարուած առաջարկներու իրագործումը: Սերգէյ Լաւրով Էդուարդ Նալբանդեանը տեղեակ պահած է Պաքուի մէջ կայացած ռուս-ատրպէյճանական հանդիպումներուն մասին։