ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթին համաձայն՝ «Հիւսիսային Իրաքի Սինճար քաղաքի միակ հայկական եկեղեցին՝ Ս. Մարիամ Աստուածածին կաթողիկէ եկեղեցին, հիմնայատակ քանդուած է: Վերջերս եկեղեցւոյ մէջ ի յայտ եկած են տասնեակ մարդոց կմախքներ, եւ կը կարծուի, որ այդ աճիւնները կը պատկանին այդ շրջանը ապրած եզիտիներու»: Թերթը կը յիշեցնէ, որ շրջանը ազատագրուեցաւ «Իսլամական պետութեան» տիրապետութենէն անցեալ տարուան Նոյեմբերին, իսկ նախքան «Իսլամական պետութեան» զինեալներու մուտքը այդ շրջան, հայ բնակչութիւնը հեռացած էր այդտեղէն:
Որպէս Իրաքի հայոց Ազգային իշխանութեան նախկին փոխատենապետ եւ վերոյիշեալ շրջանին տարիէ մը աւելի պաշտօնավարած՝ հետեւեալ ճշգրիտ տեղեկութիւնները կ՛ուզէի յիշատակել շրջանի մեր գաղթօճախի մասին.
Սինճարը կը գտնուի Մուսուլի հիւսիս-արեւմտեան կողմը, 100 քիլոմեթր հեռու, եւ բնակչութեան մեծամասնութիւնը եզիտի է: Եղեռնի տարին, Տէր Զօրի արհաւիրքներէն մազապուրծ ազատած եւ հոս հասած բազմաթիւ հայ գաղթականներ Արեւմտեան Հայաստանի զանազան քաղաքներէն, մեծամասնութիւնը Մերտինէն, ազատուած ու պատսպարուած են տեղացիներու կողմէ: Անիկա Իրաքահայ կաթողիկէ համայնքի երկրորդ մեծ բնակատեղին էր Իրաքի մէջ, ուր հաստատուած են եւ եկեղեցի կառուցած 1930ին Ս. Գէորգ Նահատակ (եւ ոչ թէ Ս. Մարիամ Աստուածածին) անունով, որ կը գործէր մինչեւ 2000 թուական: Ոչ պաշտօնական տեղեկութիւներու համաձայն՝ անոնց թիւը (հայերու-Խմբ.) մօտ հարիւրի կը հասնէր:
Առ այդ, շատ հաւանական է, որ քանդուած եկեղեցիին մէջ յայտնաբերուած կմախքները կը պատկանին Ցեղասպանութենէն փրկուած այս գաղթօճախի մեր տարագիրներուն եւ ոչ թէ տեղացի եզիտիներուն:
1972ին, որպէս պետական բժիշկ պաշտօնավարած եմ Սինճարին պատկան Սունունի կոչուած գիւղ-կեդրոնի բուժարանին մէջ: Երբ ազգութիւնս ճանչցուեցաւ շրջանին մէջ, կարգ մը «այցելուներ» ունեցայ, նախ՝ մօտակայ, ապա հեռու գիւղերէն, զիս՝ «իրենց հայրենակից»ը, տեսնելու ու լսելու համար… բոլորը կորսուած հայեր, որոնք Սինճար լեռը ապաստան գտած էին արհաւիրքի օրերուն, եզիտիներուն պաշտպանութեան ապաւինելով, իրենց կեանքը փրկած եւ …անոնց հոգատարութեան՝ ընդմիշտ երախտապարտ: Ասոնցմէ մանաւանդ Խաչօն կանոնաւորապէս կ՛այցելէր ինծի Ուրբաթ օրերը ու երկար կը պատմէր, եզիտի «թարգմանիչիս» օգնութեամբ, իր ու իր «ազիզներ»ուն գլխուն եկած աղէտէն: Ան փոքր տարիքին հոս ապաստան գտած էր: Իր պատմելով՝ նոյնիսկ անունը չէր գիտեր, հետեւաբար, ըստ իր յիշողութեան՝ գաղթի ճամբուն կորսնցուցած իրմէ մեծ եղբօր, զոր, լսած էր, Խաչօ կը կանչէին, իրեն վրայ առած էր՝ անոր ինքնութիւնը յաւերժացնելու համար:
Կարտինալ Աղաջանեան այցելած է Սինճարի հօտը 1940ի աշնան, Իրաք կատարած հովուական այցելութեան միջոցին: Ես ալ անձամբ այցելած եմ եկեղեցին պաշտօնավարութեանս ընթացքին ու հանդիպած հաւատացեալ հայրենակիցներու, որոնք կը խօսէին տեղացիներու քրտերէն Զազա լեզուն: