Հրաւէրով եւ նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, 9-11 Փետրուարին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ յաջորդաբար տեղի ունեցան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստեր, ինչպէս նաեւ թեմակալ առաջնորդներու ու ազգային իշխանութեանց հաւաքական հանդիպում:
– Կրօնական ժողովին ընթացքին ներկայացուած զեկոյցներուն լոյսին տակ լայնօրէն քննարկուեցան քրիստոնէական դաստիարակութեան, երիտասարդական, միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութեանց բաժանմունքներուն առնչուած աշխատանքները, իրագործումներն ու ծրագիրները: Կրօնական ժողովը, իր գնահատանքը յայտնելէ ետք յիշեալ մարզերուն մէջ կատարուած աշխատանքներուն, շեշտեց աշխատանքները նոյն թափով շարունակելու կարեւորութիւնը։
Կրօնական ժողովը նաեւ քննարկեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ Աստուածաշունչի արեւմտահայերէն թարգմանութեան ընթացքը, հրատարակչական մարզին մէջ կատարուած աշխատանքը եւ Դպրեվանքի առաքելութեան առնչուած շարք մը հարցեր: Կրօնական ժողովը նաեւ անդրադարձաւ վեհափառ հայրապետին գահակալութեան 20ամեակին: Կրօնական ժողովը ողջունելով երկու վեհափառ հայրապետներուն նախագահութեամբ տեղի ունեցած Եպիսկոպոսաց ժողովի զոյգ հանդիպումները՝ առաջարկեց, որ աւելի կազմակերպուած ու հետեւողական կերպով եւ օրակարգերու յստակ առաջնահերթութեամբ շարունակուին եպիսկոպոսաց ժողովները՝ շեշտելով մեր եկեղեցւոյ վերանորոգութեան անյետաձգելի հրամայականը:
Կրօնական ժողովը ուրախութեամբ ողջունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հետզհետէ աճող միաբանութիւնը, շարք մը միաբաններու համալսարանական ուսման հետեւիլը, ինչպէս նաեւ անոնց նուիրեալ ծառայութիւնը կաթողիկոսարանին ու թեմերուն մէջ:
– Քաղաքական ժողովը իր լիակատար նիստին առաջին բաժինով յաջորդաբար զեկոյցներ լսեց կաթողիկոսարանի ընկերային ծառայութեան առնչուած հետեւեալ հաստատութիւններէն՝ «Թռչնոց Բոյն», Ազունիէի բուժարան եւ Ազգային ծերանոց: Յիշեալ կեդրոններու խնամակալները վերջին շրջանի իրենց կատարած աշխատանքներուն առընթեր, նաեւ ժողովին ուշադրութեան յանձնեցին կարգ մը ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ մտահոգութիւններ՝ յատկապէս յիշեալ կառոյցներու տնտեսական իրավիճակին գծով: Ժողովը իր գնահատանքը յայտնեց մեր ժողովուրդի ընկերային ծառայութեան նուիրուած այս հաստատութիւններուն կատարած աշխատանքին համար, մէկ կողմէ շեշտելով որ ոչ մէկ հայ՝ հիւանդ, կարիքաւոր կամ որբ անտէր ու անօգնական պէտք է մնայ, եւ միւս կողմէ յիշեցնելով յիշեալ հաստատութիւններուն նիւթապէս աջակցելու հրամայականը, որպէսզի անոնք կարենան շարունակել իրենց ընկերային ծառայութիւնը:
Ժողովը նաեւ զեկոյցներ ստացաւ կաթողիկոսարանի մանկավարժական կեդրոնի, ինչպէս նաեւ հայագիտական բաժանմունքի եւ արեւմտահայերէնի յանձնաժողովի պատասխանատուներէն: Երկար քննարկումներէ ետք ժողովը վերաշեշտեց Սուրբ Աթոռին կողմէ յիշեալ մարզերուն մէջ կատարուած աշխատանքներու կենսական կարեւորութիւնը:
Ժողովը ընդարձակ զեկոյց մը ստացաւ կաթողիկոսարանի կալուածական ու շինարարական յանձնախումբին կողմէ: Արդարեւ, անցնող շրջանին հսկայ աշխատանք կատարուած է այդ ծիրին մէջ, յատկապէս «Թռչնոց Բոյն»ի ու Պիքֆայայի մէջ: Ժողովը իր գնահատանքը յայտնեց կալուածոց տեսչութեան, ինչպէս նաեւ կաթողիկոսարանի բոլոր այն բարերարներուն, որոնք իրենց առատաձեռն նուիրատուութեամբ մասնակից դարձած էին կաթողիկոսարանի առաքելութեան առաւել ծաւալման:
Ժողովը նաեւ քննեց 2015 տարուան իրագործուած պիւտճէն ու վաւերացուց 2016 տարուան նախահաշիւ պիւտճէն: Այս ծիրին մէջ ժողովը անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ թէ շուրջ երկու միլիոն տոլարի հասնող կաթողիկոսարանի տարեկան պիւտճէով հսկայ գործ կը կատարուի. միաժամանակ ժողովը իր մտահոգութիւնը յայտնեց այն մասին, որ կաթողիկոսարանի ընթացիկ պիւտճէին աւելի քան մէկ երրորդը բաց է:
Վերջապէս, Քաղաքական ժողովը զբաղեցաւ թեմերուն առնչուած կարգ մը հարցերով եւ իր անհրաժեշտ թելադրութիւնները տուաւ:
– Ազգային Կեդրոնական վարչութեան թեմակալ առաջնորդներու եւ ազգային իշխանութեանց միատեղ հանդիպման ընթացքին առաջին ընդհանուր արժեւորումը կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին: Վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց, որ բոլոր թեմերէն ու գաղութներէն ներս միասնական ոգիով ու հաւաքական աշխատանքով նշուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը, միաժամանակ ան շեշտեց պահանջատիրական նոյն կեցուածքով մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու հետապնդման աշխատանքները շարունակելու հրամայականը: 100ամեակի աշխատանքներու ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը զեկուցեց Սիսի կաթողիկոսարանի դատին գծով կատարուած աշխատանքներուն մասին:
Ներկաները ողջունեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատմական ու վճռական այս քայլը:
Ժողովը նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի հետ ընդհանրապէս Սփիւռքի ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յարաբերութեան:
Ժողովը հանգամանօրէն քննարկեց Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած տագնապը իր զանազան երեսներով՝ լսելէ ետք առաջնորդ սրբազանին ու Ագգային իշխանութեան ներկայացուցիչին զեկոյցները: Ժողովը իր գնահատանքը յայտնեց Սուրիոյ հայութեան կատարուած նիւթական աջակցութեան բոլոր մասնակիցներուն, միաժամանակ յիշեցնելով այդ աջակցութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը: Ժողովը նաեւ յիշեցուց Ղարաբաղի մէջ Նոր Կիլիկիա գիւղի շինարարութեան վերջին հանգրուանը իրագործելու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը:
Որոշուեցաւ յառաջիկայ Ազգային ընդհանուր ժողովը գումարել 2017ի Յունիս ամսուան սկիզբը: