ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Անցնող տարուան ընթացքին լիբանանահայ գաղութէն ներս տեղի ունեցան յիշատակի նախաձեռնութիւններ՝ ի յիշատակ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին ինկած հայորդիներուն: Անոնք իրենց կեանքերը զոհած էին այդ երկրի հայութեան ֆիզիքական ապահովութեան ի խնդիր:
Անոնցմէ շատեր հայկական թաղամասերուն շուրջ տեղի ունեցած բախումներու խրամատներուն մէջ նահատակուեցան: Ուրիշներ՝ առեւանգուեցան կամ թշնամիի դաւադիր գնդակներուն զոհ գացին. շատ ուրիշներ ալ՝ ռմբակոծումներէն հարուածուած հայաբնակ թաղերուն օգնութեան փութալու պահուն:
Մեր բոլոր նահատակներուն պատշաճ ու արդար յարգանքը մատուցուեցաւ՝ երկրի քաղաքացիական պատերազմի ծագելուն քառասնամեակին առիթով:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը ունէր բազմաթիւ երեսներ. յարանուանական-կրօնական (իսլամ-քրիստոնեայ), ներքին քաղաքական (իշխանութիւնը բաժնեկցելու իմաստով), գաղափարական (աջի ու ձախի), պաղեստինեան զինեալ ներկայութեան թեր կամ դէմ կտրուածքով, ինչպէս նաեւ (անխուսափելիօրէն) տարածաշրջանային ուժերու ազդեցութեան գօտիներու վերադասաւորման իմաստով՝ արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան պարունակէն ներս:
Լիբանանահայ գաղութի քաղաքական ղեկավարութիւնը այս քաղաքացիական պատերազմի սկիզբէն իսկ որդեգրեց դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւնը, որ կը միտէր ոչ միայն նուազագոյն վնասով դուրս գալ այս աղէտէն ու երաշխաւորել մեր ժողովուրդին ֆիզիքական ապահովութիւնը, այլ նաեւ երկխօսութեան ու բանակցութիւններու ճամբով կամուրջ հանդիսանալ կողմերուն միջեւ եւ ապահովուած տեսնել լիբանահայութեան իրաւունքները:
Քաղաքացիական կամ որեւէ պատերազմի ընթացքին, ոչ մասնակից կողմեր եւս գին կը վճարեն անխուսափելիօրէն: Լիբանանի հայութիւնը բացառութիւն չեղաւ ու գին մը վճարեց՝ մարդկային, տնտեսական կամ այլ իմաստներով:
1975ի գարնան, երբ կը սկսէր այս անհեթեթ պատերազմը, կրօնական ազդակը շեշտուած ազդակ մըն էր: Այս մթնոլորտը, Լիբանանի նման ներքին դիւրաբեկ համակարգ ունեցող երկրի մը համար, ծանր հետեւանքներ ունեցաւ: Առաջին զոհերէն մէկը եղաւ երկրին բանակը, ուր երկփեղկումը իր աւերը գործեց: Քաղաքական ղեկավարումի մարզէն ներս ստեղծուած բացը պատճառ դարձաւ, որ այս կամ այն կրօնական խմբաւորումին պատկանող սպաներ «հաւատարմութիւն» յայտնեն հակամարտ կողմերէն մէկուն կամ միւսին: Մաքուր հայերէնով, բանակը սկսաւ բաժնուելու: Այս բաժանումը բնականաբար անարիւն չեղաւ, եւ բանակը այս ձեւով (եւ բախումներու սկսելէն քանի մը ամիս ետք) ներքաշուեցաւ քաղաքացիական պատերազմէն ներս:
Արիւն հոսեցաւ ու շատ յաճախ՝ անմեղներու արիւն: Այս կացութեան մէջ, բանակէն ներս, զօրանոցներուն մէջ թէ անկէ դուրս տեղի ունեցան բախումներ: Այս բախումներէն մէկուն ընթացքին, Պէյրութի Հելու կոչուած զօրանոցին մէջ երկու հայ զինուորներ անմեղօրէն զոհուեցան. Մոսիկ Տէր Կարապետեան եւ Հրայր Եարտըմեան:
Երկուքն ալ անձամբ ճանչցած եմ. մանաւանդ Մոսիկը, որուն հետ կը յաճախէինք նոյն վարժարանը՝ Էշրէֆիէ թաղամասի Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը: Երկուքս ալ դպրոցի ոտնագնդակի խումբին մաս կը կազմէինք. ինք մեր բերդապահն էր: Թէ՛ Մոսիկին եւ թէ Հրայրին ընտանիքները կը պատկանէին նոյն թաղամասի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ: Անոնց այս անհեթեթ զոհ երթալը ծանր ազդեց թէ՛ լիբանանահայութեան եւ թէ մանաւանդ՝ Հայ աւետարանական համայնքէն ու նշեալ եկեղեցւոյ միջավայրէն ներս: Երկու անմեղ զոհերը նոյն եկեղեցւոյ ու համայնքի զաւակներն էին:
Երբ Մոսիկին ու Հրայրին՝ լիբանանեան դրօշակով ծածկուած դագաղները ուսամբարձ եկեղեցի բերուեցան իրենց բանակային ջոկատի ընկերներուն ու անոնց ընկերացող սպային կողմէ, զուսպ, լուռ, բայց շատ աղաղակող ցասում մը պատեց ամբողջ բազմութիւնը: Ցնցուած էինք բոլորս ալ:
Սպան յարգանքով խօսեցաւ Մոսիկի ու Հրայրի օրինակելի ու օրինապահ կեցուածքին մասին, ապա շքանշաններ զետեղեց անոնց դագաղները պատած դրօշներուն: Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի բառերով՝ «Ոչ փող զարկինք, ոչ արձագանգ լեռնասոյզ, չարագուշակ սարէ ի սար տարին լուր»: Այս դէպքը պատահեցաւ 1976ի գրեթէ այս օրերուն, քառասուն տարի առաջ:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին զոհուած, նահատակուած հայորդիները արժանի են ամբողջական յարգանքի: Այս տողերը կը գրենք Մոսիկին ու Հրայրին մասին, իրենց նահատակութեան քառասնամեակին առիթով, որպէսզի անոնք եւս չմոռցուին՝ իբրեւ նոյն այդ անողոք պատերազմին ընթացքին զոհուած երկու բանակային հայորդիներ:
11 Փետրուար 2016
Varsket gadar Vache jan, morsevazner hishesousir.