Ըստ «Ֆորպզ»ի՝ գործարար գործունէութեան նուազումը եւ սպառողական պահանջարկի անկումը առեւտրական անշարժ գոյքի վարձակալութեան ռուսական շուկայի առաջատարներու եկամուտներու մրցանշային կրճատման յանգեցուցած են:
Թերթի փորձագէտներուն հաշուարկներուն համաձայն՝ 2015ին երեսուն մեծ վարձատուներու ընդհանուր եկամուտը արագօրէն նուազած է մէկ քառորդով, որ «Ռուսական անշարժ գոյքի արքաները» վարկանիշի տպագրման պատմութեան ընթացքին ամէնէն վատ ցուցանիշն է: Եթէ 2014ի արդիւնքներով Ռուսիոյ առեւտրական անշարժ գոյքի վարձակալութեան շուկայի 30 առաջատարի ընդհանուր եկամուտը «Ֆորպզ»ը կը գնահատէր 9.354 միլիառ տոլարով, ապա 2015ի արդիւնքով անիկա 7.135 միլիառ տոլար կազմած է:
2015ին, «Ֆորպզ»ի «Անշարժ գոյքի արքաներ» վարկանիշի տուեալներով, առաջատարը կը մնայ «Քիեւեան Հրապարակ» ընկերութիւնը, զոր կը վերահսկեն Զարահ Ալիեւ եւ Կոտ Նիսանով:
Անշարժ գոյքի ռուսական շուկայի առաջատարներու 2015ի վարկանշային աղիւսակի երկրորդ հորիզոնականին վրայ է IKEA-ի հիմնադիր Ինկվար Քամփրատ:
«Տաշիր» ընկերութեան սեփականատէր Սամուէլ Կարապետեան, որ տարի մը առաջ «Անշարժ գոյքի արքաներ» վարկանիշի ցանկին վրայ երկրորդ տեղը կը գրաւէր, 2015ի տուեալներով դարձած է երրորդը: Անոր ընկերութեան ընդհանուր «վարձակալական» եկամուտը, հակառակ անոր առեւտրական հարթակներու աճին, նուազած է աւելի քան 40 տոկոսով՝ 1.08 միլիառ տոլարէն հասնելով մինչեւ 610 միլիոն տոլարի: