ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ուրբաթ, Յունուար 29ին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային իր հաւատարմագիրները յանձնեց Աւստրալիոյ նորանշանակ դեսպան Ճոզէֆ Հոքի:
Նորանշանակ դեսպանին հայրը պաղեստինահայ է, իսկ մայրը՝ աւստրալացի: Հոքիի հօր իսկական մականունը Հոքիտոնեան եղած է։ Ան զայն փոխած է 1948ին՝ Աւստրալիա ժամանելէն ետք:
50ամեայ Ճոզէֆ Հոքի մօտաւորապէս 10 տարի եղած է Աւստրալիոյ խորհրդարանի անդամ, իսկ երկու տարի ստանձնած է ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնը: Ան ստանձնած է պետական այլ պաշտօններ եւս։