ՊԱՔՈՒ, «Արմինիա.ազ».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Յունուար 13ին ընդունած է Միացեալ Նահանգներու Ազգային ապահովութեան խորհուրդի եւրոպական բաժանմունքի տնօրէն Չարլզ Քափչանը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Ատրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ տարբեր ուղղութիւններով համագործակցութեան զարգացման հետ կապուած հարցեր եւ գոհունակութիւն յայտնուած է երկու երկիրներուն միջեւ առկայ գործընկերային յարաբերութիւններուն կապակցութեամբ:
Անդրադառնալով միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարին եւ ապահովութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան հարցերուն՝ կողմերը ընդգծած են Աֆղանիստանի մէջ իրականացուող խաղաղապահ միջազգային առաքելութեան մէջ ատրպէյճանցի զինուորներու մասնակցութեան կարեւորութիւնը: Կողմերը նաեւ կարծիքներ փոխանակած են Ատրպէյճանի մէջ ընթացող ժողովրդավարական գործընթացին շուրջ:
Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են նաեւ շարք մը տարածաշրջանային հարցեր, ինչպէս նաեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կարգաւորելու կարելիութիւնները:
Աւելի ուշ, Չարլզ Քափչան անջատ հանդիպում մը ունեցած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ, որ իր կարգին Արցախի հակամարտութեան վերջին զարգացումներուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցած է ամերիկացի պաշտօնատարին՝ կրկնելով, թէ հայկական ուժերուն Արցախէն հեռացումը պիտի նպաստէ շրջանի կայունութեան