ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Յունուար 5ին, Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրատեան ներկայացուցած է հանրապետութեան մէջ տիրող համաճարակաբանական վիճակը: Նախարարը զեկուցած է, որ տօնական օրերուն առողջապահական համակարգը կը շարունակէ աշխատիլ արտակարգ դրութեամբ։ Նախարարը տեղեկացուցած է, որ տօնական օրերուն արձանագրուած է 350էն աւելի սուր շնչառական հիւանդութեան պարագայ, որոնցմէ 67ը՝ թոքաբորբ, իսկ օրական արձանագրուած է 800էն աւելի շտապ օգնութեան կանչ:
Նախարարին համաձայն՝ հանրապետութեան մէջ արձանագրուած է H1N1 ժահրային հիւանդութեան 27 պարագայ, որոնք խիստ հսկողութեան տակ են: Ժահրը կանխարգիլելու նպատակով պատուաստուած են հանրապետութեան բոլոր խոցելի խումբերը: Նախարարը ընդգծած է, որ հանրապետութեան համաճարակաբանական վիճակը վերահսկելի եւ կառավարելի է, բոլոր բժշկական կառոյցները համալրուած են անհրաժեշտ դեղորայքով: Նախարար Մուրատեանի գլխաւորութեամբ ստեղծուած է արձագանգման աշխատանքային խումբ, որ օրական երկու անգամ քննարկում կը կատարէ՝ բոլոր խնդիրներուն շուտափոյթ արձագանգելու նպատակով: