ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- 21էն 22 Դեկտեմբեր լուսցող գիշերը ղարաբաղեան–ատրպէյճանական հակամարտութեան զօրքերու շփման գիծին վրայ շարունակուած են զինուած բախումները։
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն կը յայտնեն, որ նշեալ ժամանակաշրջանին հակառակորդին կողմէ տարբեր չափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ սահմանապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 900 կրակոց: «Ադրբեջանական զինուժը շփման գծի հիւսիսային եւ հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ կիրառել է նաեւ TR-107 տիպի հրթիռային կայանքներ (8 արկ), 60 եւ 82 միլիմետրանոց ականանետեր (16 արկ), ՀՀՆ-9 եւ ՀԱՆ-17 տիպի նռնականետեր», նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Ըստ նախարարութեան՝ բանակի սահմանապահ զօրամասերը կը շարունակեն վճռական կերպով տիրապետել գետնի վրայ տիրող կացութեան եւ մարտական դիրքերը պահպանել: