«Կը Ցանկամ, Որ Հայերը Ազատուին «Հայ» Բառէն Առաջ Որեւէ Մասնիկ Աւելցնելէն, Զանազանելէն»
Բնավայրի (landscape) ճարտարապետ Վրէժ Յարութիւնեան առաջին անգամ Հայաստան եկաւ 2003ին՝ մասնակցելու երիտասարդական ճամբարի մը: Մինչ այդ Լոս Անճելըս ապրող սփիւռքահայը Հայաստանը կը պատկերացնէր տան մէջ կախուած Արարատի նկարով, պապերէն լսած պատմութիւններով ու հեռատեսիլէն հազուադէպ յայտնուող երեւանեան պատկերներով: Առաջին այցելութենէն 9 տարի անց ան որոշեց արդէն իր ընտանիքին հետ գալ հայրենիք, իր բնորոշումով՝ այստեղ տունուտեղ կառուցելու, կը գրէ «Մետիամաքս»ը:
Հալէպ-Լոս Անճելըս-Երեւան
Վաղ մանկութիւնս անցուցած եմ Հալէպի մէջ, երիտասարդութիւնս՝ ԱՄՆի, ապագաս կը կառուցեմ Հայաստանի մէջ: Ամերիկայի մէջ ապրելու 30 տարիներուն ընթացքին ծնողներուս ցանկութիւնը մէկն էր՝ Հայաստան ապրիլ: 2012ին արդէն աւարտած էի կրթութիւնս, մագիստրոսական թէզս պաշտպանած էի Քալիֆորնիոյ Ճարտարագիտական համալսարանին մէջ «Երեւանի բնավայրի (landscape) փոփոխութիւնը» թեմայով: Ժամանակ առ ժամանակ կ՛երթայի-կու գայի, համոզուելու՝ կրնա՞մ այստեղ ապրիլ, թէ ոչ: Ի վերջոյ, համոզուեցայ: Երեք տարի առաջ եղբօրս հետ վերադարձայ, հայրս ու մայրս աւելի ուշ միացան մեզի:
Ո՞վ Եմ Ես Իրականութեան Մէջ
Զիս յաճախ կը կոչեն սփիւռքահայ, հայաստանցի՝ երբեք: Ես զիս հայ կը համարեմ, լիարժէք հայաստանցի, որ կ՛ապրի՛ ձեզի հետ կողք-կողքի, կ՛օգտուի նո՛յն փոխադրամիջոցէն, կը խօսի նո՛յն լեզուով, կը շնչէ նո՛յն օդը: Կը ցանկամ, որ հայերը ազատուին «հայ» բառէն առաջ որեւէ մասնիկ աւելցնելէն, զանազանելէն:
Նոր Տուն՝ Վերագտած
Հայրենիքին Մէջ
Երբ վերադարձայ, առաջին գործս տուն կառուցելն էր: Բնավայրի ճարտարապետի համար լաւագոյն վայրը բնութիւնն է, որոշեցի մայրաքաղաքէն հեռու ապրիլ: Աշտարակի մէջ կիսակառոյց տուն գնեցինք, ընտանիքով քիչ-քիչ կառուցեցինք, վերանորոգեցինք, կարելի է ըսել՝ երազանքի տուն ստեղծեցինք: Յետոյ Աշտարակը դարձաւ շատ հայրենադարձներու բնակութեան վայրը: Իմ օրինակով եւս քանի մը ընտանիք հոս հաստատուեցաւ:
Հայաստան՝
Նոր Գործարարութեան Լաւագոյն Վայր
Մինչեւ վերադառնալս գիտէի՝ ինչով պիտի զբաղիմ հոս: ԱՄՆի մէջ ճարտարապետական գրասենեակ ունէի, կը զբաղէի մասնաւոր շէնքերու, տարածքներու դաշտավայրի մշակմամբ: Հասկցայ, որ Հայաստանի մէջ ալ ընելիք ունիմ: Եղբայրս՝ Վահէն, հաւնեցաւ գաղափարը, նոր գրասենեակ հիմնեցինք՝ Fourpeak-studio-ն, որ կը զբաղի առանձնատուներու, հանրային տարածքներու, հանգիստի ու ժամանցի վայրերու դաշտավայրի ձեւաւերում: Երբ ինծի կը հարցնեն՝ ինչպէ՞ս կրցար, կը պատասխանեմ՝ նախօրօք ծրագրեցի ընելիքներս: Հայ գործարարները կը սիրեն ամէն ինչ արագ ու մէկ անգամէն ընել, մէկ ամսուան մէջ շահոյթ ստանալ: Շատերուն կը փորձեմ բացատրել, որ Հայաստան գործարարութեան համար լաւ տեղ է, միայն պէտք է փուլ առ փուլ ծրագրել ընելիքները:
Կ՛երազեմ Աւելի Կանաչ
Ու Յարմար Երեւան Ստեղծել
Արդէն քանի մը տարիէ ի վեր կ՛աշխատիմ Օղակաձեւ զբօսայգիի վերականգնման նախագիծին վրայ: Վերջերս յանձնած ենք Երեւանի քաղաքապետարանի դատին, խոստացած են ուսումնասիրել Փոքր կեդրոնի 7 տոկոսը կազմող այգիի վերածնունդի ծրագիրը:
Գծագինրերուն մէջ առաջարկած եմ կանաչ տարածքներու վերականգնում, հանգիստի գօտիներու ստեղծում ու զարգացում իրականացնել: Երեւանի բնակիչները, իմ կարծիքով, կը զգան նոր զբօսայգիներու կարիքը: Հսկայական ներուժով այդ տարածքը այժմ անտէրութեան մատնուած է: Եթէ քաղաքային իշխանութիւնը համաձայնի գումար ներդնել՝ աշխատանքս վերջապէս արդիւնք կու տայ:
«Մետիամաքս»