ԵՐԵՒԱՆ.– 17 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած է Հայաստանի կառավարութեան հերթական նիստը, զոր վարած է Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան:
Կառավարութեան պահեստային ֆոնտէն 130 միլիոն դրամ պիտի յատկացուի Տաւուշի մարզի սահմանամերձ շրջաններուն՝ առաջնահերթ լուծում պահանջող հիմնախնդիրներու լուծման ուղղութեամբ իրականացուելիք աշխատանքներուն համար: Ըստ հիմնաւորման՝ Տաւուշի մարզի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ առկայ են շարք մը հիմնախնդիրներ՝ ենթակառուցուածքներու բարելաւման, մասնաւորապէս, կազի ու ջուրի մատակարարման, ոռոգման եւ այլ ոլորտներու մէջ: Ըստ որոշումին՝ գումարը պիտի յատկացուի մարզի ենթակառուցուածքներու բարելաւման, կազի եւ ջուրի մատակարարման, ոռոգման եւ այլ ոլորտներու մէջ ընկերային բնոյթի ծրագիրներու համաֆինանսաւորման նպատակով:
Անդրադառնալով ընդունուած որոշման՝ վարչապետը նշած է, որ ծրագիրը կը գործադրուի Հանրապետութեան նախագահին յանձնարարականով: Յովիկ Աբրահամեան յիշեցուցած է. «IFAD-ն իրականացնում է սահմանապահ համայնքների գազիֆիկացման, ոռոգման համակարգերի վերակառուցման ծրագիրը, եւ համայնքները չունեն համաֆինանսաւորման համար այդ 10 տոկոսը վճարելու հնարաւորութիւն: Այդ ծրագիրը իրականացնելու, աւարտելու համար մենք այդ 130 միլիոն դրամը յատկացնում ենք սահմանապահ համայնքներին», ընդգծած է գործադիրին ղեկավարը:
Կառավարութեան որոշմամբ ընկերային աջակցութիւն պիտի տրամադրուի Արարատի մարզի Պարոյր Սեւակ սահմանամերձ համայնքի բնակիչներուն: Նախատեսուած է աջակցութիւնը տրամադրել 2015ի Սեպտեմբեր 1էն մինչեւ Դեկտեմբեր 31 երկարած ժամանակահատուածին համար՝ բաժանորդներու սպառած կազի ծաւալի (մինչեւ 30 խմ.) 50 տոկոսի չափով, սպառած ելեկտրականութեան ծախսի համար (մինչեւ 120 քիլովաթ)՝ 50 տոկոսի չափով, ոռոգման ջուրի գինի մասնակի, ինչպէս նաեւ գոյքահարկի եւ հողի հարկի ամբողջութեամբ փոխհատուցման նպատակով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.