ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Ճատրակի Հայաստանի հաւաքականի առաջատար Լեւոն Արոնեան «London Chess Classic» մրցաշարքին ընթացքին գրաւեց 4րդ դիրքը:
Մրցաշարքի վերջին հանգրուանին, Արոնեանի մրցակիցը Մաքսիմ Լաքրաւն էր: Մեծ վարպետը խաղի 34րդ քայլին համաձայնեցան հաւասար արդիւնքի: Ինը հնարաւոր միաւորներէն հաւաքելով 5 միաւոր՝ Արոնեան գրաւեց 4րդ տեղը: Մրցաշարքին յաղթող հանդիսացաւ աշխարհի ներկայ ախոյեան՝ նորվեկիացի Մաքնուս Կարլսենը: