ԸՐՎԱՅՆ.- Քալիֆորնիոյ Ըրվայն քաղաքին մէջ կայացած դպրոցականներու ճատրակի նահանգային 40րդ տարեկան մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 14ին, որուն ընթացքին Նորթ Հոլիվուտի եւ Փասատինայի ACO (Advanced Chess Organization) ճատրակի ակումբի հայ երեխաները արձանագրեցին աննախադէպ յաջողութիւններ: Ընդհանուր առմամբ, մարզիկները շահած են 17 մետալներ եւ բաժակներ (9 ոսկի, 5 արծաթ եւ 3 պրոնզ):
Դրուատելով այս փառաւոր յաղթանակը, քոնկրեսական Միմի Ուոլթըրզ 9 ոսկի բաժակ կամ մետալ շահողները պարգեւատրած է Քոնկրոսի Շնորհակալական յատուկ պատուոգիրով:
Այս պատիւին արժանացան Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանի մանկամսուրէն՝ 4ամեայ աշակերտուհի Աննա Աղաջանեանը եւ 5րդ դասարանի աշակերտ Հրանդ Տէր Յովհաննիսեանը, Ա. եւ Մ. Յովսէփեան վարժարանէն՝ Աշոտ Գրիգորեան, ինչպէս նաեւ պետական վարժարաններէ՝ Վարդան Պետրոսեան, Սահակ Պօղոսեան, Կարինէ Մերոյեան, Լիաննա Գասպարեան, Դաւիթ Առաքելեան եւ Սամուէլ Էմինեան:
Պատուաւոր 2րդ դիրք գրաւած են Կրեկըրի եւ Ալեք Նիկոլեան եղբայրները («Փիլիպոս»), նաեւ՝ Ալէն Յարութիւնեան, Ճան Պասմաճեան եւ Դաւիթ Նարինեան:
«Փիլիպոս»էն եւս մէկ ներկայացուցիչ՝ Դաւիթ Գասպարեան, 3րդ դիրքը գրաւած է՝ Իզապէլլա Քուրճուքեանի եւ Անահիտ Շեխոյեանի կողքին:
Միջազգային կարգի մարզիչ Արթուր Աղաջանեան իր ուրախութիւնը արտայայտած է Ուոլթըրզի այս քայլին համար, ինչպէս նաեւ՝ գոհունակութիւն յայտնած իր սաներու յաջողութիւններուն առիթով, յոյս յայտնելով, որ իր սաներուն այս յաջողութիւնները կ՛ոգեւորեն երեխաները՝ նորանոր բարձունքներ գրաւելու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.