Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8ին, Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակի մէջ գտնուող «Փիսեցկա Պրանա» ցուցադրասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը 2015ին չեխական հրատարակութիւններուն մէջ» գրական-երաժշտական երեկոյ՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր «Օրեր» եւրոպական անկախ ամսագիրին եւ Չեխիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան համատեղ ջանքերով:
Երեկոյի բացումը կատարելով, «Օրեր» ամսաթերթի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան ներկայացուց 2015ի ընթացքին լոյս տեսած չեխերէն երեք նոր հրատարակութիւններ՝ Փրակ ծնած աւստրիացի գրող Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան 40 Օրերը» վէպը, ռումանահայ գրող եւ քաղաքական գործիչ Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկներու Մատեան» վէպը եւ «Փլաւ» գրական հանդէսի յատուկ թիւը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայ գրականութեան:
Այնուհետեւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ դեսպան Տիգրան Սէյրանեան, որ ամփոփելով ընթացիկ տարուան Չեխիոյ մէջ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկները, նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան թեման միշտ արդիական է, եւ յաջորդ տարի եւս պիտի կազմակերպուին այլ ձեռնարկներ: Հայ դիւանագէտը կարեւորեց Չեխիոյ բարձրաստիճան պատուիրակութեան մասնակցութիւնը Երեւանի մէջ կազմակերպուած Ապրիլ 24ի ձեռնարկներուն եւ խորհրդարանի Պատգամաւորներու պալատի Արտաքին յարաբերութիւններու կոմիտէին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունումը Ապրիլ 14ին: Դեսպանը նաեւ բարձր գնահատեց հրատարակուած գիրքերն ու ամսագիրը եւ ողջունեց հրատարակչութիւններու ներկայացուցիչները:
Երեկոյին ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ «Վիշեհրատ» հրատարակչութեան խմբագիր Ֆիլիփ Օթրաթա, որ ներկայացուց մուսալեռցիներու սխրանքը անմահացնող Ֆ. Վերֆելի վէպի նոր հրատարակութիւնը, ինչպէս նաեւ Ռումանիոյ գրողներու միութեան առաջին փոխնախագահ, ծերակուտական Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկներու Մատեան» վէպի չեխերէն թարգմանութիւնը կատարած Եարմիլա Հորակովա:
«Փլաւ» գրական հանդէսի յատուկ թողարկումը ամբողջութեամբ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան ու հայ գրականութեան: Զայն ներկայացուց թողարկման պատասխանատու խմբագիր Փաւլա Նեհասիլովա, որ շեշտեց, թէ առաջին անգամ չեխերէնով ներկայացուած են ժամանակակից հայ գրողներ Վահագն Գրիգորեանի, Արմէն Շեկոյեանի, Անահիտ Թօփչեանի եւ Ալեքսանտր Թօփչեանի ստեղծագործութիւնները, հայ դասականներու աշխատանքները, օրինակ, հատուած Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան»էն մասեր, Յովհաննէս Թումանեանի եւ այլ հայ գրողներու գործեր: