ՖՐԵԶՆՕ.- 26 տարիներէ ի վեր, Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին՝ հողագործական մարզին մէջ սպասարկող եւ Ֆրեզնօ հաստատուած Հայ ճարտարագիտական խումբը (ATG) կը տեղեկացնէ, թէ անցեալ Օգոստոսին Հայաստան հասցուցած է աշխարհի առաջին անասնաբուժական շարժուն տարրալուծարանը։
Վերջին երեք տարիներուն, Հայ ճարտարագիտական խումբի նախագահ տոքթ. Ճէյմզ Ռէյնըլտզ եւ գործադիր վարիչ Վարուժան Տէր Սիմոնեան աշխատանք տարած էին մէջտեղ բերելու համար այս տարրալուծարանը, որ Հայաստանի կողքին կրնայ նպաստաւոր ըլլար նաեւ շարք մը զարգացող պետութիւններու։
Տոքթ. Ճէյմզ Ռէյնըլտզ կը յայտնէ, թէ այս ծրագիրը իրականացած է ի յիշատակ տոքթ. Արթուր Հազարպետեանի, որ Հայ ճարտարագիտական խումբի հիմնադիր ատենապետն էր։
Իր կարգին, Վարուժան Տէր Սիմոնեան շնորհակալութիւն կը յայտնէ այս ծրագիրի իրականանցաման համար նուիրատուութիւններ կատարած անհատներուն, կազմակերպութեանց եւ ընտանիքներուն՝ առանձնացնելով յատկապէս Թորոսեան ընտանիքի (Ինտիանայէն) եւ Պըրթա ու Ճան Կարապետեաններու նուիրատուութիւններուն կարեւորութիւնը։
Հիւանդութիւններու ախտաճանաչում կատարող անասնաբուժական սոյն շարժուն տարրալուծարանով «զինուած»՝ տոքթ. Ճէյմզ Ռէյնըլտզ եւ Վարուժան Տէր Սիմոնեան այցելած են Հայաստանի 14 գիւղեր եւ քաղաքներ, ընկերակցութեամբ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան մասնագէտներու։ Այցելութեան նպատակն էր քննել 2005ին Հայաստանի գիւղերուն մէջ Հայ ճարտարագիտական խումբին տեղադրած կաթի շտեմարաններուն վիճակը, ինչպէս նաեւ՝ ագարակներ, պանիրի արտադրութեան կեդրոններ եւ անասնաբուժական կեդրոններ, միաժամանակ՝ սարքաւորումը ծանօթացնելով տեղացի անասնաբոյժներուն։
Ականատես դառնալով տարրալուծարանի առաւելութեանց եւ անոր բերելիք խնայողութեանց՝ պաշտօնատարները փափաք յայտնած են Հայաստանի 10 մարզերուն համար մէկական տարրալուծարան ապահովելու։
Հայ ճարտարագիտական խումբը արդէն իսկ աշխատանքի անցած է՝ գոյացնելու այս նպատակը իրականացնելու համար հարկաւոր 150,000 տոլարը, որուն համար համայնքին գործօն մասնակցութիւնը կենսական է։
Այս ծրագիրին նպաստելու համար, տուրքերէ զուրկ նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել ATG, P.O. Box 5969, Fresno, CA, 93755 հասցէին
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.atgusa.org համացանցային կայքը։