ՈՒԵՍԹՈՒՈՒՏ.- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի հնագիտութեան «Քոթսեն» հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ Համբարձում եւ Ովսաննա Չիթճեաններու անուան հայագիտական ուսմանց տարեկան երկրորդ գիտաժողովը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Նոյեմբեր 14ին, կ.ա. ժամը 11էն մինչեւ կ.ե. ժամը 5, համալսարանի «Ռոյս» շէնքի թիւ 314 սրահին մէջ։
Հայ-պարսկական յարաբերութեանց եւ պարսկահայ համայնքի դերակատարութեան նուիրուած այս գիտաժողովին ուսումնասիրութիւններ պիտի ներկայացնեն դոկտ. Մարիօ Պրամպիլա («Նոր æուղայի հայոց բնակարաններու ճարտարապետութիւն», Հռոմի համալսարան), փրոֆ. Թուրճայ Տարի («Ակնարկ Արշակունի Հայաստանի եւ Արտաշիսեան Իրանի պատմութեան վրայ», Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղ), Քրիսթին Մարտիրոսեան-Օլանսքի («Հայկական եւ իրանեան բարձրավանդակներու բնակիչներուն միջեւ նախապատմական կապերը», Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ) եւ փրոֆ. Պերթ Վօ («Սալմաստի բարբառը», Քէյմպրիճի համալսարան)։
Գիտաժողովը նուիրուած է 1978էն 2002ի միջեւ Նոր æուղայի առաջնորդի պաշտօնը ստանձնած Կորիւն արք. Պապեանի (1941-2015) յիշատակին։