ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- 24 Օգոստոսէն 25 Օգոստոս լուսցած գիշերը եւ օրուան ընթացքին ղարաբաղեան–ատրպէյճանական հակամարտութեան զօրքերու շփման գիծին մէջ հակառակորդը շարունակած է տարբեր տրամաչափի հրետանային եւ հրաձգային զէնքերով խախտել զինադադարը: Այս մասին յայտնած են Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն։
«Բացի 60, 82 եւ 120 մմ.ոց ականանետերից (շուրջ 110 արկ), ադրբեջանական կողմը արեւելեան ուղղութեամբ կիրառել է նաեւ թուրքական արտադրութեան TP-107 տիպի ռէակտիւ հրթիռահրետանային կայանք: ՊԲ առաջապահ ստորաբաժանումները պատասխան կրակով ճնշել են հակառակորդի ակտիւութիւնը եւ շարունակում են վստահօրէն վերահսկել ողջ առաջնագիծը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: