ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի «Հայ Վոց» յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, Շաբաթ, Օգոստոս 29ին տեղի պիտի ունենայ հայ քուէարկողներ արձանագրելու լայնատարած արշաւ մը՝ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին։
Այդ օրը, Հայ Դատի կամաւորներ պիտի գտնուին շարք մը խանութներու եւ կեդրոններու մէջ, նոր քուէարկողներ արձանագրելու եւ միաժամանակ 2016ի ընտրութեանց մասին տեղեկութիւններ փոխանցելու համար քուէարկողներուն։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլէն Ասատրեան կը յայտնէ, թէ այս նախաձեռնութիւնը լաւ առիթ մըն է գործի վերածելու Ապրիլ 24ի քայլարշաւով բացայայտուած վճռակամութիւնը՝ զայն մեր պահանջատիրութեան համար քաղաքական ազդու ուժի վերածելով, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ միայն Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին աւելի քան 350,000 հայեր կ՛ապրին։
Հայ Դատի կամաւորները հետեւեալ կեդրոններուն մէջ պիտի ըլլան առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6.
– Պըրպենք՝ «Raffis Market» (324 S Glenoaks Blvd., Burbank, CA 91502)
– Կլենտէյլ՝ «Jons International Marketplace» (600 East Colorado Blvd., Glendale, CA 91205)
– Կլենտէյլ՝ «Old Fashion Deli & Market» (2830 North Verdugo Rd., Glendale, CA 91208)
– Կրանատա Հիլզ՝ Հիւսիսային Սան Ֆերնանտօ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակ (17422 Chatsworth St., Granada Hills, CA 91344)
– Հոլիվուտ՝ «Jons International Marketplace» (5311 Santa Monica Blvd., Los Angeles, CA 90029)
– Փասատինա՝ «Good Food Market» (1864 E Washington Blvd #106, Pasadena, CA 91104)
– Ռըսիտա՝ «Jons International Marketplace» (18135 Sherman Way, Reseda, CA 91335)
– Վելի Վիլեճ՝ «Jons International Marketplace» (12122 Magnolia Blvd., Valley Village, CA 91607)։
Քուէարկութեան կրնան արձանագրուիլ 18 տարիքը բոլորած Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիները։ Արձանագրուելու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 806-8683 թիւին կամ info@hyevotes.org հասցէին, կամ այցելել www.hyevotes.org կայքը։