ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ եւրոպական հատուածին մէջ գտնուող Թեքիրտաղ նահանգի Մալքարա գաւառին մէջ, ջուրի խողովակներու վերանորոգման համար փորուած փոսին մէջ յայտնաբերուած են 8 գերեզմանաքարեր։
Ըստ թրքական «Փոսթա» թերթին՝ անոնք յայտնաբերուած են 1.5 մեթր խորութեան վրայ: Այդ թաղամասի բնակիչները հաղորդած են, որ բոլոր շիրմաքարերը բեռնատարով տեղափոխուած են պահեստ, աւելի ուշ ուսումնասիրութեան ուղարկելու համար:
Գերեզմանաքարերը բաւական ծանր եղած են, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը բարձրացնելու համար, անհրաժեշտ եղած է քանի մը մարդու ուժ:
Տեղւոյն բնակիչները լրագրողներուն յայտնած են, որ այդ վայրը նախապէս հայկական գերեզմաննոց եղած էր: