Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական Ժողովի 161րդ նիստը գումարուեցաւ Ուրբաթ, 31 Յուլիսի առաւօտեան ժամը 10ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ, նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, ներկայութեամբ թեմի երեսփոխաններուն, Ազգ. կրօնական ժողովին, Ազգ. վարչութէան շրջանաւարտ կազմերուն եւ խորհուրդներու ատենապետներուն:
Նիստը յատկացուած էր թեմի շրջանաւարտ Գործադիր իշխանութեան զոյգ կազմերու գործունէութեան երկամեայ (2013-2015) տեղեկագիրներու քննարկման, արժեւորման եւ նորկազմերու ընտրութեան:
Ազգային երեսփոխանական ժողովի 161րդ նիստը սկսաւ առաջնորդ սրբազան հօր բացման աղօթքով, որ նաեւ «Հոգւոց» արտասանեց ժողովի անդամ նորոգ հանգուցեալ Վահէ Թիւթիւնճեանի հոգւոյն: Ապա առաջնորդ հայրը փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական ողջոյնները, բարեմաղթութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները, ժողովին գումարումը ինքնին նկատելով հայութեան վաւերական ներկայութեան ապացոյց, երբ թեմի Ազգ. իշխանութիւնը սուրիական տագնապի դժուար պայմաններուն մէջ ոչ միայն կը շարունակէր ապրիլ ու գործել, այլ նաեւ՝ ստեղծագործել:
Սրբազան հայրը իր գնահատանքը յայտնեց շրջանաւարտ կազմերուն, որոնք միաժամանակ կազմակերպած էին Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաձեռնութիւնները, բարի աշխատանք, արդիւնաւէտ գործունէութիւն եւ քաջառողջութիւն մաղթելով բոլորին:
Ներկայացուեցան շրջանաւարտ Ազգ. կրօնական ժողովի եւ Ազգ. վարչութեան երկամեայ տեղեկագիրները, որոնք հանգամանօրէն փոխանցեցին երկամեակի վարչական, ժողովական, հոգեւոր, միջ-համայնքային, միջ-եկեղեցական, քրիստոնէական դաստիարակութեան, կրթական, կալուածային, տնտեսական, ընկերային ծառայութեան, մարդասիրական, դատաստանական բնագաւառներու լայնածիր գործունէութիւնները: Իւրաքանչիւր տեղեկագիրի ընթերցման յաջորդեցին լուսաբանական հարցումներ, տեղի ունեցան քննարկումներ եւ կատարուեցան առաջարկներ, ապա ներկայացուած տեղեկագիրները վաւերացուեցան Ազգ. երեսփոխանական ժողովին կողմէ: Փոխանցուեցան նաեւ թեմի երկամեայ տնտեսական եւ հաշուեքննիչ մարմինի տեղեկագիրները, որոնք, իրենց կարգին, յետ քննարկման, վաւերացուեցան ժողովականներուն կողմէ:
Ժողովականները իրենց անվերապահ գնահատանքը արձանագրեցին շրջանաւարտ կազմերուն: Անոնց կողմէ իրագործուած բազմաբնոյթ գործունէութիւնը խօսուն ապացոյց էր, որ անոնք յաջողած էին տնտեսել, ըստ կարելւոյն, հասնիլ մեր ժողովուրդի զաւակներու կարիքներուն, արտայայտելով իբրեւ կազմակերպ հաւաքականութիւն գործելու մեր կամքը:
Այս բաժինի աւարտին կատարուեցան յառաջիկայ երկամեակին համար առաջարկներ:
Ազգ. երեսփոխանական ժողովը.
– Յանձնառութիւն յայտնեց առկայ պայմաններուն պատճառով անհրաժեշտ ձեւափոխումներու եւ յարմարեցումներու ենթարկել մեր կրթական համակարգը՝ անոր պահպանման ի խնդիր:
– Թելադրեց Ազգ. պաշտօնէութեան (հոգեւորական, աշխարհական) ամսականներու յաւելումի ծրագիրի իրագործումը հետապնդել:
– Անհրաժեշտ նկատեց ներքին տեղաշարժերու իբրեւ հետեւանք, թեմական կառոյցի յարմարեցման հարկաւոր տնօրինումները իրագործել:
– Սուրիական տագնապին պատճառով համայնքիս կրած կորուստներու եւ վնասներու մասին ցարդ եղած բոլոր արձանագրութիւններու ամբողջական վաւերագրութիւնը պատրաստել:
Ժողովի բանաձեւերու վաւերացումէն ետք տեղի ունեցաւ նոր կազմերու ընտրութիւնը հետեւեալ կերպով.
Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգ. կրօնական ժողով՝ Վահան Ծ. վրդ. Պէրպէրեան, Յուսիկ Ա. քհնյ. Սեդրակեան, Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեան, Մաշտոց Ա. քհնյ. Արապաթլեան, Զարեհ քհնյ. Շաքարեան, Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան եւ Պարգեւ քհնյ. Պալգէորգեան։
Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգ. վարչութիւն՝ երկրչ. Կարպիս Թովմասեան, երկրչ. Մարալ Սէմէրճեան, դոկտոր Հուրի Ազէզեան, Յարութիւն Հայրապետեան, երկրչ. Տիգրան Պետրոսեան, Սարգիս Կիրակոսեան, Փիեռ Մուսալլի, Ռաֆֆի Թանաշեան եւ Գուրգէն Գալուստեան։
Ազգ. երեսփոխանական ժողովը ընտրեց յառաջիկայ երկամեակի Հաշուեքննիչ մարմինը:
Ընտրուեցաւ Ազգ. երեսփոխանական ժողովի դիւանը՝ Ժիրայր Ռէիսեան՝ ատենապետ, Սնպուլ Սնպուլեան՝ ատենապետ, Մաշտոց Ա. քհնյ. Արապաթլեան՝ ատենադպիր եւ Սիլվա Ճապաղջուրեան՝ ատենադպիր։
Ժողովի աւարտին, առաջնորդ հայրը փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Ամենակալին, գնահատանքը՝ շրջանաւարտ կազմերուն եւ շնորհաւորութիւնները՝ նորընտիր կազմերուն, որոնց անդամները գիտակցելով հանդերձ տիրող տագնապին ու դժուարութիւններուն, յանձնառութեամբ կը ստանձնեն իրենց վստահուած ազգային պարտականութիւնը:
Սրբազանը ընդգծեց, թէ Բերիոյ Հայոց թեմի աշխատանքները աստիճանական կերպով եւ անաղմուկ աճումի ընթացքի մէջ են: Ան նաեւ որդիական շնորհակալութիւնները յայտնեց վեհափառ հայրապետին, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ օրհնութիւնը հայցեց սուրիական հայրենիքին եւ մեր ժողովուրդին համար:
Ազգային երեսփոխանական ժողովի 161րդ նիստը վերահաստատեց սուրիահայութեան գոյերթը շարունակելու հաստատակամութիւնը եւ սուրիական հայրենիքի եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հանդէպ իր հաւատարմութիւնը:
Նիստը փակուեցաւ առաջնորդ սրբազան Հօր «Պահպանի»չով:
ԴԻՒԱՆ ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ