ԵՐԵՒԱՆ.– «Երկիր»ի տեղեկութիւններուն համաձայն՝ 6 Օգոստոսին հակառակորդը Նախիջեւանի սահմանագօտիին մէջ կրակ բացած է Խաչիկ գիւղի արօտավայրերու ուղղութեամբ՝ հաւանաբար հրդեհ յառաջացնելու նպատակով: Սակայն գիւղացիները կրցած են կրակը մարել, փոխարէնը հրդեհը տարածուած է ատրպէյճանական կողմի խոտածածկ տարածքներուն մէջ՝ պատճառ դառնալով շուրջ 200 հեկտար խոտածածկի հրկիզման։
«Երկիր»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Խաչիկի գիւղապետ Վարդան Ներսիսեան պատմած է, որ 30-35 գիւղացիներով անմիջապէս մարած են կրակը: «Չթողեցինք իջնի մեր սահման, իրենք էլ են փորձել հանգցնել, բայց չհասցրեցին՝ տարծուեց իրանց կողմը: Սահմանի բերանին կանգնած՝ մեզ էին նայում», ըսած է գիւղապետը՝ աւելցնելով, որ եթէ կրակը տարածուէր գիւղին ուղղութեամբ, պիտի վնասէր խաղողի այգիներուն ու ցանքերուն:
Փաստօրէն ատրպէյճանցիները իրենց լարած ծուղակը ինկած են։