Պոլսոյ օփերայի եւ պալէյի թատրոնի երգչախումբի ղեկավար Գէորգ Դաւիթեան նշանակուած է Օփերայի եւ պալէի թատրոնի տնօրէն:
Ըստ «Ակօս»ի՝ Գէորգ Դաւիթեան նշանակուած է Օփերայի եւ պալէի թատրոնի տնօրէն, երբ նախկին տնօրէնը տարիքի պատճառով անցած է թոշակի:
Գէորգ Դաւիթեան ծնած է 1968ին, Պոլիս: 1996ին աւարտած է Սինան ճարտարապետի անուան համալսարանին կից երաժշտանոցի օփերայի բաժինը:
1998ին յաջող կերպով յանձնած է քննութիւնները եւ ընդունուած Պոլսոյ օփերայի եւ պալէի թատրոնի երգչախումբին մէջ իբրեւ մենակատար:
Իբրեւ երգչախումբի ղեկավար եւ մենակատար՝ համերգներով հանդէս եկած է աշխարհի շարք մը քաղաքներու մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.