ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն մասնակցութեամբ Ուաշինկթընի մէջ կայացած հանդիպումներուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներ պատրաստակամութիւն յայտնած է աշխատելու Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի հետ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հասնելու նպատակով:
«Թուիթըր»ի իր էջին վրայ այս մասին գրած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի Միացեալ Նահանգներու համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք: