ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄի Ընկերային սպասարկութեանց բաժանմունքը վերջերս իր մասնակցութիւնը բերաւ Լոս Անճելըսի գաղթականներու համախմբումին նախաձեռնած «Գաղթականներու համաշխարհային օր»ուան տօնակատարութեան։
Նշենք, որ ՀՕՄը Լոս Անճելըսի գաղթականներու համախմբումին անդամակցող կազմակերպութիւններէն մէկն է։
ՀՕՄի Ընկերային սպասարկութեանց բաժանմունքին անձնակազմէն ներկայացուցիչներու կողքին, տօնակատարութեան մասնակցեցան նաեւ ՀՕՄի կամաւորներ, ինչպէս նաեւ Ընկերային սպասարկութեանց բաժանմունքէն սպասարկութիւններ ստացող շարք մը քաղաքացիներ։
Ձեռնարկին ընթացքին մեծարուած կամաւորներուն շարքին էր Հիլիուն Ծատուրեան, որ վերջին երկու տարիներուն կամաւոր սպասարկութիւններ կը տրամադրէ ՀՕՄի Ընկերային սպասարկութեանց բաժանմունքին։ Ան ստացաւ գնահատագիր մը։
Գեղարուեստական յայտագիրի կողքին, տօնակատարութեան ընթացքին տեղեկատուական ելոյթներ ունեցան Լոս Անճելըսի քաղաքապետի գաղթականական հարցերու, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիութեան եւ գաղթականական սպասարկութեանց գրասենեակներէն ներկայացուցիչներ։ Մասնակիցներուն բաժնուեցան նաեւ տեղեկատուական թղթիկներ եւ գրքոյկներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.