ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ա. եւ Մ. Յովսէփեան վարժարանի նախամանկապարտէզը վարկաւորուեցաւ Երեխաներու դաստիարակութեան ազգային միութեան (NAEYC) կողմէ, որ կը հանդիսանայ Միացեալ Նահանգներու մանկավարժներու ամենահեղինակաւոր կազմակերպութիւննրէն մէկը։
«Հպարտ ենք NAEYC-ի այս որոշումով, որ արհեստավարժութեան բարձր մակարդակ նուաճելու կարեւոր ցուցանիշ մըն է։ Վարկաւորումը պիտի հաստատէ մեր համայնքին ընտանիքներուն, որ մեր ուսուցիչներուն պատրաստած ու ներկայացուցած ծրագիրները մեր աշակերտներուն կը պարգեւեն փորձառութեամբ հարուստ դաստիարակութիւն», կը յայտնէ նախամանկապարտէզի վարիչ Քրիսթինա Մովսէսեան, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով տնօրէնութեան, հոգաբարձութեան եւ նախամանկապարտէզի ծնողներուն, որ մեծապէս նպաստած են վարժարանի հզօրացման։