ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Գաղափարակից ընկերոջս՝ Մկրտիչ Մկրտիչեանի «Յունական Հերթական Ճգնաժամ» խորագիրով յօդուածը կ՛աւարտի «Յետոյ Աստուած մեծ է» նախադասութեամբ:
Անմիջապէս միտքս ինկաւ անեկտոթ մը. ուրեմն՝ օր մը Աստուած պապան կ՛որոշէ ստուգել, թէ ի՞նչ կ՛անցնի կը դառնայ Երկիր մոլորակին վրայ: Քամերան վերերէն «զում» կ՛ընէ, կ՛երեւայ գետ մը, որուն իւրաքանչիւր ափին կը գտնուի բանակ մը: Պաստառին վրայ կ՛երեւի 451 թուականը: Վարդանանց պատերազմի նախօրեակն է:
Մինչ բանակներէն մէկը կը մարզուի, վերջին պատրաստութիւնները կը տեսնէ, զինուորները փիղերը կը լուան, նիզակներն ու սուրերը կը սրեն, միւս բանակավայրէն ներս սակայն, կերուխումի երկա՜ր սեղաններ կան. թամադան ալ Ղեւոնդ Երէցն է. ամէն կողմ խորոված, խաշլամա, գինի, կենացներ՝ «Վարդան ջան, շէֆ ջան, մենք վաղը սրանց բոլորին ջարդելու ենք… կենա՛ցդ իշխան Խորխոռունի, կենա՛ցդ իշխան Ամատունի», եւայլն:
Աստուած պապան կը շուարի, կ՛ապշի այս երկու հակադիր տեսարաններով, մօրուքը կը շփէ ու կերուխումի մէջ գտնուող բանակին ակնարկելով կ՛ըսէ. «Այս մարդիկը նորէն յոյսերնին վրաս դրած են…»:
Անմիջապէս ըսեմ, որ Մ. Մկրտիչեանի յօդուածը շատ կուռ ու տրամաբանական կերպով խորքային վերլուծումը կը կատարէ Յունաստանի այս օրերու (աւելի ճիշդ՝ վերջին քանի մը տարիներու) դիմագրաւած տնտեսական տագնապին ու այդ առանցքին շուրջ տեղի ունեցող պայքարին: Շատ ուշագրաւ է յօդուածին վերջին բաժինը:
Պէտք է մէջբերեմ. «Յունաստանի ներկայ ժողովրդավարութեան օրէնքներու բացարձակ յարգումով ընտրուած իշխանութեան տէրն է չնաշխարհիկ ձախակողմեան շարժում մը, որ մեծ դիւրութեամբ կրնայ վարակիչ դառնալ, եթէ յաջողութեամբ պսակուի այս օրերուն Եւրոպայի հսկաներուն դէմ իր տարած դաւիթեան կռիւը:
«Եւրոպայի մէջ վերջին երկու տասնամեակներուն ինքզինք գտնել ու սահմանել փորձող քաղաքական Ձախը ծաղկելու առիթ մը ունի ներկայիս:
Սպանիոյ մէջ համապատասխան շարժումը գնահատելի յառաջընթաց արձանագրեց վերջին տեղական կառավարման ընտրութիւններուն ընթացքին:
Ընկերվարութեան տետրակները ծալլած ու մէկ կողմ նետած ու դեռ ընկերվարական անունը պահած կուսակցութիւնները ամէնէն բիրտ հակառակորդներն են այս նոր շարժումներուն. վերջ ի վերջոյ այդ շարժումներու յաջողութենէն հիմնական վնասողները պիտի ըլլան վայրի ու վայրենի դրամատիրութեան պնակալէզներու վերածուած այդ ընկերվարականները:
Իսկ մնացեալներու՝ աջերու եւ այլ պահպանողականներու ժխ-տական դիրքորոշումները արդէն չեն զարմացներ»:
Յունաստանի իշխող կուսակցութիւնը, Սիրիզան, կը պայքարի յանուն յոյն ժողովուրդի բարօրութեան ու կը փորձէ տրամաբանական ու կարելի լուծումներ առաջարկել պարտատէրերուն, Եռապետութեան (Troyka), այսինքն Եւրոպայի Կեդրոնական դրամատան, «Այ.Էմ.Էֆ.»ին եւ Եւրոպական յանձնաժողովի ելեւմտական նախարարներուն: Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս ամէն անգամ, որ իր առաջարկները ներկայացնէ Եռապետութեան, իր դէմ կը գտնէ միայն բիրտ «Ոչ »մը:
Խորքին մէջ, պայքարը մէկ կողմէ «վայրի ու վայրագ» դրամատիրական գաղափարախօսութեան ու միւս կողմէ ընկերվարութեան ակունքներուն կանգնած Ձախին միջեւ է:
Եւ շատ ճշգրիտ է Մ. Մկրտիչեան, երբ ան Եւրոպայի դասական ընկերվարական կուսակցութիւնները կը բնութագրէ «վայրի ու վայրենի դրամատիրութեան պնակալէզներ» որակումով:
Իսկ Եւրոպան, այսինքն Եռապետութիւնը, կը տեսնէ, թէ իր վարած տնտեսական վայրագ վարքագիծին դէմ պայքարող ուժ մը արդէն իսկ իշխանութեան եկած է Յունաստանի մէջ:
Նմանօրինակ շարժումներ ծնունդ առած են նաեւ Սպանիոյ, Իտալիոյ, Փորթուկալի եւ այլ երկիրներու մէջ:
Շարժումներ, որոնք իրականութեան մէջ ընկերվարական գաղափարախօսութեան ակունքներուն, սկզբունքներուն վերադարձի առաջադրանքով ճամբայ ելած են: Եւրոպայի դասական ընկերվարական կուսակցութիւնները արդէն իրենց գաղափարական էութենէն պարպուած ըլլալով, վերածուած են վայրագ դրամատիրութեան ստրուկներուն:
Ամենացայտուն օրինակներէն են Բրիտանիոյ Աշխատաւորականները (տխրահռչակ Թօնի Պլերով), Յունաստանի եւ Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութիւնները: Վերջինս ներքին, գաղափարախօսական առումով փուլ եկաւ Միթերանէն ետք:
Ուրեմն Սիրիզայի նմաններն են, որոնք նոր յոյս կը ներշնչեն ժողովուրդին ու ատոր համար ալ կը ստանան անոր քուէն: Ճիշդ այս է, որ կը սարսափեցնէ Եռապետութիւնը, հապա՞ եթէ Սիրիզայի օրինակը կրկնուի Սպանիոյ մէջ (Փոտեմոս շարժումին ճամբով) կամ այլուր: Ուրեմն, այս շարժումը պէտք է խեղդել իր սաղմին մէջն իսկ:
Ասոր համար է, որ Եռապետութիւնը անզիջող կը մնայ Յունաստանի նկատմամբ: Եւ քանի որ ամբողջական տիրապետութիւն ունի մամուլին վրայ, քարոզչական արշաւ մը կայ Ցիփրասի ղեկավարած շարժումին դէմ, զայն ականահարելու բացայայտ միտումով:
Կը հասնինք Մ. Մկրտիչեանի «Աստուած մեծ է» եզրակացութեան (որ անշուշտ կը վերաբերի Յունաստանի շուրջ սակարկութիւններուն):
Յօդուածագիր ընկերս հաւատքի խնդիր չի դներ անշուշտ: Բայց իմ մօտեցումս տարբեր է: Բացատրեմ:
Իմ խոր համոզումովս, մենք՝ իբրեւ դաշնակցականներ (հետեւաբար նաեւ՝ իբրեւ ընկերվարականներ), ո՛չ միայն մօտէն պէտք է հետեւինք Եւրոպայի մէջ տեղի ունեցող այս զարգացումներուն, այլեւ, քայլ մը անդին անցնելով, պարտինք մօտիկ շփումներ ու փոխադարձ զօրակցական կապեր հաստատել Սիրիզայի ու Փոտեմոսի նման շարժումներու հետ, որովհետեւ այս վարքագիծը, գաղափարական առումով, մեզի կրնայ տալ «ռազմավարական խորք» մը (strategic depth) ու այդ հենքին վրայ՝ քաղաքական գործակցութիւններու նոր դաշտ մը կրնայ բանալ մեզի համար:
Հայաստանի ու հայութեան համար բարերար կրնայ ըլլալ ա՛յն Եւրոպան, որ կ՛առաջնորդուի այս շարժումներով: Այժմու Եւրոպայէն «խէր չկայ». անոր արժէքային համակարգը բացայայտօրէն երկու չափ երկու կշիռի վրայ հիմնուած է ու իր էութեան մէջ՝ նոյնիսկ հակաժողովրդավար է:
Համոզուելու համար այս իրականութեան, շատ հեռուն պէտք չէ երթալ: Պարզապէս կարդացէ՛ք Արմէն Ռուստամեանի հարցազրոյցը «Հայոց Աշխարհ»ի 16 Յունիսի համարին մէջ, «Ոչինչ չի փոխուելու. Եւրոպայի խորհուրդը դառնում է Միլլի մէջլիս» խորագիրով:
Այնպէս որ, Հայաստանի ու հայութեան շահերը կը պահանջեն սերտ գործակցութեան եզրեր ստեղծել Եւրոպայի նոր Ձախին հետ, որովհետեւ ա՛ն կրնայ ըլլալ մեր նոր դաշնակիցը, համաշխարհային ուժի կեդրոններէն ներս նոր զինակիցներ փնտռել գտնելու մեր ճիգերուն մէջ, եւ ոչ թէ Եռապետութիւնը՝ Մերքել կամ նոյնիսկ Օլանտ կոչուող իր կամակատարներով: