ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Յունիս 7ի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքով ստեղծուած նոր իրավիճակը Թուրքիոյ մէջ բազմաթիւ անյայտներով ձեւաւորուող կնճռոտ հաւասարութիւն մըն է տարածաշրջանի նոյնքան կնճռոտ խաղատախտակին վրայ:
Յստակ է, որ նախագահ Էրտողանի կուսակցութիւնը (AKP) կորսնցուցած է շարժումի իր բացարձակ ազատութիւնը երկրի ներքին քաղաքական բեմին վրայ, եւ այս փաստը ինքնին պատճառ կը հանդիսանայ, որ իշխող այս կուսակցութեան ղեկավար ոլորտին մէջ վաղուց գոյութիւն ունեցող ճեղքերը վերստին դրսեւորուին եւ Էրտողան-Տաւութողլու մենատիրական օղակը դնեն լուրջ երկուութիւններու առջեւ:
Նախկին նախագահ Ապտուլլա Կիւլ, փոխվարչապետ Պիւլէնթ Արընչ եւ կիւլէնեան իսլամիստներու «Ճեմաաթ» խմբաւորումը՝ իւրաքանչիւրը իր ինքնայատուկ դիրքերէն, արդէն պղտորած են AKP-ի ներքին ջրատարածութիւնը կուսակցութեան յետ-ընտրական խաղաքարտերը աւելի եւս տկարացնելով: Էրտողանի կուսակցութիւնը տակաւին կը մնայ խորհրդարանի մեծամասնական ոյժը եւ ըստ օրինի դեռեւս կը տիրապետէ երկու հուժկու քաղաքական զէնքերու: Անոնցմէ առաջինը համախոհական (coalition) կառավարութիւն կազմելու իր իրաւունքն է, իսկ երկրորդը՝ Ազգային Մեծ ժողովի լուծարումը: Իրականութեան մէջ, երկու զէնքերն ալ դարձած են խնդրայարոյց մէկ կողմէ՝ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու դժուարահաճութեան պատճառով, եւ միւս կողմէ՝ AKP-ի ղեկավար ոլորտի վերոյիշեալ պառակտումներով:
Այս կէտին վրայ, յստակ չէ, թէ ի՞նչ մարտավարութիւններով առաջ պիտի տարուին միջ-կուսակցական բանակցութիւնները պրն. Տաւութողլուի կողմէ: Նախ՝ Էրտողանի յայտարարութիւնը բոլոր կուսակցութիւններու ղեկավարութեանց հետ խորհրդակցութիւններ ձեռնարկելու՝ բուռն առարկութիւններու տեղի տուաւ: Հարցը այն է, որ նախ, Էրտողան հետեւողականօրէն կ՛անտեսէ իր սահմանադրական իրաւասութիւններու շրջանակը եւ կը գործէ նախագահական համակարգի մտայնութեամբ. բան մը, որուն հասնելու կարելիութիւնը զլացուեցաւ իրեն վերջին ընտրութեանց արդիւնքներով: Սահմանադրական փոփոխութիւններու միջոցով նախագահական համակարգ ստեղծելու AKP-ի ծրագիրը փուլ եկաւ՝ քուէներու անսպասելի վերադասաւորումով: Բոլոր կուսակցութեանց հետ հանդիպումներ ձեռնարկելու իր յայտարարութիւնը դիտուեցաւ որպէս ներկայ վարչապետական համակարգը շրջանցելու զարտուղի փորձ եւ նեղ կացութեան մատնեց Տաւութողլուի բանակցային գործընթացը: Տաւութողլու այժմ կը վստահեցնէ քաղաքական համայնքը, որ ի՛նք պիտի ըլլայ բանակցողը, միաժամանակ պնդելով, որ նախագահին իրաւասութիւնները բանակցութեանց նիւթ չեն կրնար ըլլալ: Ո՞ր իրաւասութիւնները…
Պատասխանը այս հարցումին կու գայ CHP-ի ղեկավար պր. Քիլիճտարօղլուէն:
Խորհրդարանի երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող ոյժը բնականաբար կը գտնուի հակակշռողի դերին մէջ եւ այժմ կը ներկայանայ բանակցային գործընթացին՝ իր մեծ պահանջներով: Յունիսի 15ի մամլոյ ասուլիսով, Քիլիճտարօղլու կը ներկայացնէ 14 ծանր նախապայմաններ՝ բանակցային գործընթացը ուղղորդելու յստակ յաւակնութեամբ: Այդ պայմաններուն վեցերորդը բացայայտօրէն կը խօսի նախագահի իրաւասութիւններու շրջանակը զգալիօրէն նեղցնելու մասին: Պարզ խօսքով, Քիլիճտարօղլու կառավարական ապագայ դաշինքին միջոցով կ՛ուզէ միանգամընդմիշտ լուծարքի ենթարկել Էրտողանի ժառաանգութիւնը եւ ճամբայ հարթել դէպի աստիճանական հերթափոխութիւն՝ AKP-էն CHP: Քիլիճտարօղլուի քաղաքականութիւնն է՝ մէկ գրոհով գրաւել երկու դաշտ… Նախ թուլցնել Էրտողանի կուսակցութեան դիրքերը նոր կառավարութեան մէջ եւ նոյն ատեն վերագրաւել HDP-ի քաղաքական տարածքը… Տեմիրթաշի եւ իր համախոհներուն «ներխուժում»ը ձախակողմեան դաշտէն ներս մեծ մարտահրաւէր մըն է նախ եւ առաջ Քիլիճտարօղլուի կուսակցութեան համար: Տեմիրթաշի գործօնը հաւասարապէս կը մտահոգէ թէ՛ աջակողմեան AKP-ն եւ թէ ձախակողմեան CHP-ն:
Տեւլեթ Պահչելիի ծայրայեղ ազգայնական կուսակցութեան (MHP) արժէթուղթերը առայժմ չեն երեւար նժարի վրայ, բայց անոնք կարեւոր տեղ մը կը գրաւեն ընդհանուր հաշուարկին մէջ: Տաւութօղլու կրնայ ի վերջոյ դաշինք ձեւաւորել MHP-ի հետ եւ շրջանցել Քիլիճտարօղլուն, եւ սակայն այդ բանին գինը կրնայ շատ թանկ ըլլալ: Էրտողան եւ Տաւութօղլու պիտի ամէն գնով խուսափին «արատաւորելէ» AKP-ի դիմագիծը երկրին մէջ եւ երկրէն դուրս: Ծայրայեղականութեան բացորոշ պիտակը կրնայ քանդել իրենց համաժողովրդական խարիսխը եւ յամենայն դէպս զօրացնել ներկուսակցական ընդդիմութեան ձեռքը:
Բանակցային նախնական քննարկումներուն մէջ այսօր նաեւ չերեւար քրտական հարցը համաձայնական լուծումի բերելու Էրտողանի հին նախաձեռնութիւնը:
Միաժամանակ, այդ մասին ոչինչ կ՛ըսէ Քիլիճտարողլու իր նախապայմաններով: Քիւրտ ղեկավարները մտահոգուելու լուրջ պատճառ ունին այս կէտին վրայ: Քրտական հարցը կրնայ բռնուիլ միջկուսակցական բանակցութիւններու մացառներուն մէջ: HDP-ի ղեկավարներէն տիկ. Ֆիկէն Էիւքսէքտաղ Շէնօղլուի յայտարարութիւնը երէկ՝ բանակցային գործընթացին մէջ մտնելու իրենց պատրաստակամութեան մասին, նոր եւ անակնկալ գործօն մըն է, որ կը հակասէ առաջին օրերուն Տեմիրթաշի կողմէ տրուած հաւաստիքներուն:
Նոր կացութիւնը կրնայ նոր մարտավարութիւն պարտադրել եւ խախտել HDP-ի քաղաքական առաջնահերթութիւնները: Մօտերս կը նախատեսուի PKK-ի եւ HDP-ի հանդիպումը քրտական հարցի նոր ռազմավարութեան եզրերը ճշդելու նպատակով: Ուշագրաւ է այն պարագան, որ PKK-ի ղեկավարներէն Տուրան Քալքան բացառուած կը համարէ HDP-ի մասնակցութիւնը որեւէ դաշինքի, առանց Թուրքիոյ օրինակարգի արմատական փոփոխութիւններու ենթարկուած ըլլալուն…
Յամենայն դէպս, բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան այսօր, որ Թուրքիոյ քաղաքական բեմը մտած է տագնապի ոլորտէ մը ներս:
Քաղաքական ուժերը զգալի անվստահութեամբ կը դիմագրաւեն դաշինք ձեւաւորելու ներկայ հրամայականը: Կողմերը վստահ չեն, որ համախոհական կառավարութեամբ գործելու ատակ է ներկայ իշխանութիւնը: Հակառակ բոլորի ձեւական պատրաստակամութեան, ոչ ոք կը գործէ ապահովութեան էական զգացումով: Ոչ ոք տրամադիր կը թուի իր խաղաքարտերը այրելու, եւ բոլորն ալ անխտիր կը փնտռեն բացառիկ երաշխիքներ:
Տաւութօղլու պիտի կրնա՞յ երաշխաւորել զիրենք՝ առանց ցնցելու հիմերը իր հաստատութեան… թէ ի վերջոյ ներկայ գործընթացը պիտի հասնի իր անխուսափելի վախճանին առաջնորդելով Ազգային Մեծ ժողովի լուծարման եւ նոր ընտրութիւններու կայացման: Մօտէն դիտեցէ՛ք. Քիլիճտարօղլուի 14 նախապայմանները աւելի շուտ կը յիշեցնեն ընտրական նոր փլաթֆորմի (հարթակի-Խմբ.) մը ուրուագիծը: