ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ազատութեան հրապարակը գրաւուած է ազատութեան շունչով տոգորուած երիտասարդներով:
Ուղիղ եթերով կը հետեւէի ելեկտրականութեան սակի բարձրացման դէմ ձեռնարկուած հաւաքին, որ բաց՝ հրապարակային քննարկումէ ետք, կազմակերպողներուն կողմէ վերածուեցաւ երեքօրեայ նստացոյցի:
Յատկապէս լարուած էի (երեւանեան ժամով) ժամը 10ին: Լուր տարածուած էր, որ ոստիկանութիւնը ժամը 11ին պիտի հեռացնէ հրապարակին վրայ մնալ որոշող ցուցարարները։
Ցոյցը ղեկավարող երիտասարդները ներկայ բազմութեան յորդորեցին կարգապահ մնալ, գրգռութիւններու չենթարկուիլ:
Ժամը 11ը հասաւ: Փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան մօտեցաւ ցոյցի պատասխանատուներուն եւ անոնց հետ զրոյցէն պարզուեցաւ, որ ոստիկանութիւնը թոյլ պիտի տայ ցուցարարներուն մնալ հրապարակին վրայ, եթէ հաւաքը խաղաղ շարունակուի:
Հանգիստ շունչ քաշեցի: Հաւանաբար յառաջիկայ երեք օրերուն այսպիսի լարուած պահեր պիտի կրկնուին: Ամէնէն մտահոգիչը միշտ եղած է այն, որ կրնան ըլլալ միտումնաւոր գրգռութիւններ, որոնք անկառավարելի վիճակներ կրնան ստեղծել: Գրգռութիւնները կրնան գործակալներու կողմէ սադրանքի արդիւնք ըլլալ, հետեւաբար, ցուցարարներն ու իրենց ղեկավարները պէտք է խիստ զգոյշ ու սթափ ըլլան:
Թէ՛ ոստիկանութեան եւ թէ ցոյցի պատասխանատուներու գիտակից մօտեցումը ողջունելի է: Ինչ որ առաւել ողջունելի է, քաղաքացիական բարձր գիտակցութեան տէր երիտասարդներու ներկայութիւնն է քաղաքական պայքարի առաջին գիծին վրայ, ազատութեան շունչով տոգորուած սերունդի մը, որ պատրաստ է իր իրաւունքները պաշտպանելու համար կեցուածք որդեգրելու, վճռական, բայց զսպուած գործողութիւններով դրսեւորել իր ընդվզումը՝ բոլոր տեսակի անօրինականութեանց դէմ:
Ելեկտրականութեան սակի բարձրացման դէմ այս ծառացումը յստակ խնդիր կը հետապնդէ, սակայն նաեւ յստակ է, որ անիկա կը ծանուցէ արդարութեան ի խնդիր պայքարի շարժման վերականգնումը: