ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարի տեղակալի պաշտօնէն ազատ կացուցուած գնդապետ-զօրավար Լիովա Մնացականեան հաստատեց իր՝ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի հրամանատար նշանակման վերաբերող լուրերը։
«Նիուզ»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան նշած է, որ հազիւ իր նշանակուելուն լուրը պաշտօնականապէս յայտարարուի, իր ընտանիքին հետ պիտի փոխադրուի Լեռնային Ղարաբաղ։
«Զինուորական ենք, որտեղ հրամայեն, այնտեղ էլ պէտք է ծառայենք: Ոչ մի բանի համար ոչ տխրում ենք, ոչ ուրախանում, մեր պարտականութիւնն ենք կատարում», յայտնած է ան։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ աշխատանքներէն ո՛ր մէկը աւելի դժուար է՝ Լիովա Մնացականեան ըսած է, որ երկուքն ալ պատասխանատու պաշտօններ են, երկրորդական պաշտօն չկայ բանակին մէջ:
Ան դիտել տուած է, որ շատ լաւ յարաբերութիւններ ունի բանակի նախկին ղեկավար Մովսէս Յակոբեանի հետ, եւ վերջինս իրեն շատ լաւ ժառանգութիւն ձգեց:
Պաշտպանութեան բանակի ապագայ հրամանատարը շեշտած է, որ առհասարակ զինուած ուժերու շարքերուն մէջ բոլորին յարաբերութիւնները բարձր մակարդակի վրայ են։