Ռուսիոյ հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրահանգով նշանակուած է ազգամիջեան յարաբերութիւններու հարցերով Ռուսիոյ նախագահին առընթեր պետական ազգային քաղաքականութեան տեղեկատուական աջակցութեան հարցերով խորհուրդի նորաստեղծ կոմիտէի ղեկավարի պաշտօնին:
Russia-armenia.info կայքը կը փոխանցէ, որ նոր կոմիտէի գործունէութիւնը պիտի նպաստէ ազգամիջեան յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ պետական ազգային քաղաքականութեան իրականացման արդիւնաւէտութեան բարձրացման:
Վլատիմիր Փութինի մէկ այլ յանձնարարականով Աբրահամեան նշանակուած է Ռուսիոյ օրուան, Ազգային միասնութեան օրուան նուիրուած ձեռնարկներու համակարգող աշխատանքային խումբի անդամ: Աշխատանքային խումբի ղեկավար նշանակուած է Ռուսիոյ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի առաջին տեղակալ Վեաչեսլաւ Վոլոտին: