Sciatica բառը կու գայ sciatic բառէն, որ կը նշանակէ զստային-նստատեղային: Sciatic nerve կը նշանակէ զստաջիղ կամ նստաջիղ: Իսկ Sciatica կը նշանակէ նստաջղացաւ կամ զստաջղացաւ-զստաջղատապ:
Զստաջիղը մարմինի ամէնէն մեծ եւ երկար ջիղն է: Մարմինը ունի երկու զստաջիղեր:
Իւրաքանչիւր զստաջիղ կը կազմուի գօտկա-ողնածուծի (lumbar spinal cord) թիւ L4 եւ L5 ջիղերէն եւ սրբանա-ողնածուծի (sacral spinal cord) թիւ S1, S2 եւ S3 ջիղերու միացումով: Զստաջիղը կը ճիւղաւորուի եւ կը ջղաւորէ սրունքը եւ ոտքը՝ ամբողջութեամբ:
Զստաջիղը ունի երկու հիմնական գործառոյթներ (function):
Առաջին՝ անիկա ուղեղէն որոշ շարժիչ (motor) ազդանաշաններ կը հաղորդէ սրունքի եւ ոտքերու մկաններուն:
Երկրորդ՝ անիկա սրունքէն եւ ոտքերէն կը հաւաքէ զգացողական (sensory) տեղեկութիւններ եւ կը հաղորդէ զանոնք ուղեղին:
Զստաջիղի գրգռութիւնը կը յառաջացնէ զանազան աստիճանի զստաջղատապ: Անոր ցաւը կը զգացուի նստատեղային տարածքէն, այսինքն՝ յետոյքէն սկսեալ մինչեւ ոտքերուն մատները:
Զստաջղատապի այսինքն՝ նս-տաջիղի գրգռութեան ախտապատճառներն են.
1. Միջողնոսկրային (intervertebral) սալի (disc) ճողուածք-սալաթափութիւն (herniation). ճողուած սալը կամ սալերը կը ճնշեն զստաջիղի սկիզբնաղբիւր հինգ ջիղերուն վրայ եւ կը յառաջացնեն ջղացաւ.
2. Տեղային կամ յարակից ոսկորներու, մկաններու եւ ուռերու ճնշում.
3. Ողնայարի եւ անոր շուրջը զարգացող բորբոքումներ.
4. Ողնայարի արտաքին հարուած-վնաս.
5. Յղութեամբ մեծցած արգանդի ճնշում.
6. Զստաջիղի ոչ-մանրէական բորբոքում (imflamation).
7. Ողնայարի խողովակի նեղացում (vertebral canal stenosis), ողնոսկրներու հիւծում (vertebral atrophy).
8. Ողնածուծային (spinal cord) ուռեր.
9. Արտամարմնական ճնշում, օրինակ մեծ դրամապանակի գործածութիւն տափատի ետեւի գրպանին մէջ:
Զստաջղատապը շատ աւելի կը պատահի այն անձերուն մօտ, որոնք կը տառապին հիւծիչ ոսկրայօդաբորբէ: Անիկա առաւելաբար կը պատահի միջին տարիքի մարդոց եւ յղի կիներուն:
Զստաջղատապի ախտանշաններն են.
1. Ջղացաւ. անիկա կը նկարագուի որպէս այրուածքային կամ ժայթքող ցաւ: Ջղացաւը զգալի կ՛ըլլայ կոնքին, գօտկային եւ նստատեղային տարածքին, սրունքներուն, ծունկի ետեւի փոսիկին եւ ոտքերուն մէջ: Ջղացաւը կրնայ ըլլալ կարճատեւ կամ մնայուն, ուժգին կամ մեղմ, շարունակական կամ ընդմիջումներով.
2. Ասղնտոց (tingling sensation) գօտկային եւ նստատեղային տարածքին, սրունքներուն, ծունկի ետեւի փոսիկին եւ ոտքերուն մէջ։
Յառաջացած պարագաներուն կը նշմարուի քալելու դժուարութիւն եւ անկարողութիւն:
Զստաջղատապը աւելի կը վատթարանայ արագ քալելով, ոտքի կենալով, նստելով եւ ծռելով: Անիկա կը մեղմանայ կռնակի վրայ պառկելով եւ հանդարտ քալելով:
Ջղացաւին կ՛ուղեկցին յաճախ սրունքներու եւ ոտքերու մկանային տկարութիւն, թմրութիւն եւ անշարժութիւն:
Զստաջղատապի ախտաճանաչումը կ՛իրականանայ լսելով հիւանդին պատմականը եւ հիւանդութեան ընթացքը, բժշ-կական մանրակրկիտ քննութեամբ, ոսկրանկարումներով, համակարգչային շերտագրական (CT Scan) ու մակնիսարձագանգային (MRI ) նկարումներով, ելեկտրամկանագրութեամբ (EMG): Այս բոլորը կը կատարուին յայտնաբերելու համար զստաջղատապի հիմնական ախտապատճառը:
Զստաջղատապի դարմանումը կ՛ըլլայ տարբեր ձեւերով եւ մակարդակներու վրայ: Սկզբնական եւ թեթեւ պարագաներուն կը յանձնարարուի.
1. Ֆիզիքական հանգիստ, այսինքն՝ պառկիլ կռնակի վրայ 2-3 շաբաթ եւ կատարել միայն թեթեւ շարժումներ.
2. Ցաւաբեկ դեղերու գործածութիւն.
3. Օրինաւոր մարզանք՝ հսկողութեամբ մարզիչներու.
4. Քորթիզոն (cortisone) ներծորոյթի (hormone) ներարկում ցաւի վայրը եւ ողնածուծին մէջ.
5. Մարձում (massage) եւ մերսումաբուժութիւն (chiropractice).
6. Խստակեաց փիլիսոփայութիւն (yoga) եւ խոհականութիւն (meditation)։
Հիմնական ախտապատճառը յայտնաբերելէ ետք կը կատարուի վերջնական դարմանումը, որ ընդհարապէս վիրաբուժական է:
Հինէն ի վեր գոյութիւն ունին մեծ մամիկի տնային դարմանամիջոցները՝ տաք եւ փափուք պզտիկ վերմակի գործածութիւն, սառոյցի զետեղում ցաւի տարածքին վրայ: Այս երկուքէն մէկը կարելի է գործածել առանձնաբար կամ փոխնիփոխ:
Յառաջացած պարագաներուն տեղի կ՛ունենան որոշ բարդութիւններ, ինչպէս՝ մէզի եւ կղկղանքի անպահութիւն (incontinence): Ասոնք կը կարօտին անմիջական վիրաբուժական դարմանամիջոցի:
Կարելի՞ է կանխարգիլել զստաջղատապը: Այո՛, կարելի է, բայց մասամբ։ Նաեւ ծռելով ծանր առարկաներ գետնէն չվերցնել, այլ միայն ծունկի գալով, եւ կատարել օրինաւոր ու հետեւողական հսկողութեամբ զանազան տեսակի մարզանքներ: