ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ամէնէն մտերմիկ անձերու միջեւ ալ վիճաբանութիւնը անխուսափելի է: Երբեմն վէճ կը ծագի շատ լուրջ նիւթերու շուրջ, իսկ երբեմն ալ շատ անիմաստ ու անարժէք խնդիրներու համար: Երբեմն այնպէս կը պատահի, որ երբ վիճաբանութիւն մը իր աւարտին հասնի, մարդիկ յանկարծ կ՛անդրադառնան, թէ ինչքան աւելորդ եղած է այդ նիւթին համար այդքան ժամանակ սպառելը…
Վիճաբանութեան ընթացքին լռելու խրատը շատեր կու տան իրարու, առանց սակայն, հարկ եղած պարագային, իրենք կարենալ լռելու: Ուրեմն, վարժութեան կարիք ունի մարդ, վիճաբանութեան պարագային լռել կարենալու համար:
Նման փորձառութիւն ձեռք բերելու համար, հոգեբաններ կը թելադրեն լռութեան փորձեր կատարել: Օրինակ, սովորական զրոյցներու ընթացքին քիչ խօսիլ, աւելի ունկնդրել, քան՝ արտայայտուիլ, սեփական կարծիքներ տալէ խուսափիլ եւ յարգել ուրիշներու տեսակէտները, գլխու դրական շարժումները օգտագործել, քան՝ լեզուով հաստատական պատասխաններ տալ, եւ այլն:
Վստահաբար ունեցած էք այն փորձառութիւնը, երբ խօսակցութեան մը ընթացքին շատ աւելի հեշտ եղած է համամիտ գտնուիլ մէկուն ըսածին, քան հակառակիլն ու ձեր տեսակէտը անոր հասկցնելը: Նախ անոր համար, որ ամէն մարդ ձեր ըսածը հասկնալու կարողութիւնը կրնայ չունենալ, եւ երկրորդ՝ անոր համար, որ թերեւս դուք կարողութիւնը չունիք յստակ բանաձեւումը կատարելու ձեր միտքին մէջ ծագած գաղափարին:
Ոմանք դժուարաւ կրնան փակել իրենց բերանը: Շատախօսի մը հետ նոյն տեղ գտնուող անձ մը կ՛ըսէր, թէ ան չի՛ կրնար միանուագ կերպով երեք վայրկեանի համար լուռ մնալ… Առիթով մը, նոյն տեղը գտնուելով, մենք ալ փաստեցինք այդ: Նոյնիսկ եթէ մասնաւոր ըսելիք մը չունէր ան, իր աջ ու ձախ կողմը նստողներուն բառ մը կ՛ըսէր, կը ժպտար, ուսերնին կը թափահարէր, անցնող դարձողին կը բարեւէր: Մէկ խօսքով հանգիստ չէր կրնար կենալ իր տեղը, անպայման պէտք է շարժում կատարէր, մէկուն հետ խօսէր, բառ մը փոխանակէր:
Գործի որոշ ասպարէզներ կան, որոնց համար խօսքէն աւելի շատախօսութիւնը անհրաժեշտ է: Օրինակ, կ՛ըսուի թէ սափրիչի մը տրուելիք մեծագոյն պատիժը, խօսիլը արգիլելն է անոր… Կամ, կարելի՞ է լռակեաց փաստաբան պատկերացնել: Անոր հիմնական զէնքը իր լեզուն է, օրէնքի ու սուտի ճարտարութեան միացած:
Քրիստոնէական կեանքին համար ալ լեզուի գործածութիւնը եւ օգտագործուած նախադասութիւնները կարեւոր են: Ամէն խօսք, ամէն արտայայտութիւն չի՛ վայելեր քրիստոնեայ մարդուն: Անոր բերանէն դուրս եկած խօսքերը պէտք է կշռադատուած ըլլան, չափաւոր եւ ամէն վիրաւորանքէ զերծ: Օրհնաբանող լեզու ունենալու է քրիստոնեայ մարդը իր Արարիչին եւ նմաններուն հանդէպ: Այլապէս իր բերանը կը դառնայ միաժամանակ քաղցր եւ դառն ջուր բխեցնող աղբիւր, որ գոյութիւն չի՛ կրնար ունենալ: Կա՛մ քաղցր, կա՛մ դառն ջուր կը բխեցնէ աղբիւր մը:
Ո՞վ պիտի յաղթէ:
Վիճաբանութեան պարագային մարդիկ միշտ ուշադիր կ՛ըլլան վերջին խօսքը իրե՛նք ըսելու: Կարծէք վերջին խօսքը ըսողը այս պարագային յաղթական կը հռչակուի… Վէճի ընթացքին, յատկապէս որոշ ցեղախումբերու պատկանող մարդիկ, նոյն բառը տասնեակ անգամներով կը կրկնեն, ուրիշ բացատրութիւն կամ նախադասութիւն չգտնելով իբրեւ պատասխան դիմացինին ըսելու: Երբեմն կը պատահի որ դիմացինն ալ նոր բան չ՛ունենար ըսելիք, եւ երկուքը կը շարունակեն իրենց ըսած վերջին բառը կրկնել, մէկ այս, մէկ ան…
Վիճաբանութեան պարագային ամէն մարդ կը ջանայ ճշմարտութիւնը ճիշդ ատենին ըսել, առանց գիտնալու, թէ վիճաբանութեան ամէնէն տաք պահուն, իր գիտցած ճշմարտութիւնը նաեւ կրնայ սխալ ըմբռնուիլ: Ուրեմն, վիճաբանութեան փորձիչ պահուն լռելը ամէնէն ճիշդ գործը պիտի ըլլայ: Այս հարցին մէջ փորձառութիւնը իր կարեւոր դերը ունի: Ոմանք փորձառու ըլլալով՝ վիճաբանութեան մէջ յառաջապահի դեր կը կատարեն, իսկ ուրիշներ դարձեալ փորձառու ըլլալով՝ կը լռեն: Ահա նաեւ փորձառութիւններուն տարբերութիւնները, նայած թէ իւրաքանչիւրը ինչքա՞ն տուժած է իր կեանքի ընթացքին:
Շարժապատկեր շատ սիրող տարեց բարեկամ մը կ՛ըսէր, թէ երբեմն կը կարօտնայ այն հին շարժապատկերները, որոնց մէջ խօսակցութիւն չկար, այլ միայն շարժում, որուն միացուած կ՛ըլլար երաժշտութիւն: «Ի՜նչ հաճելի էր», կ՛ըսէր ան, «ֆիլմին մէջ կը տեսնէինք կին մը, որ կը պոռար, սակայն ձայն դուրս չէր գար»…
Նոյն բարեկամս, սակայն, վստահաբար յենած իր անձնական փորձառութեան վրայ, կ՛ըսէր, թէ իմաստուն այր մարդ մը, երբ վիճաբանութեան բռնուի կնոջ հետ, բան չի՛ խօսիր…
Շատ դժուար է միտքը բաց պահել ու միաժամանակ բերանը փակելը: Այսինքն՝ լսել ու չխօսիլ: Զուր տեղ չէ՛ որ Աստուած ականջն ու բերանը իրարու շատ մօտիկ ստեղծած է: Մէկը պիտի հսկողութիւն կատարէ ու լսէ ամէն ինչ, իսկ միւսը՝ պաշտպանողականի անցնի, ու պէտք է եղածը ըսէ… Այսպէս կը սկսի վիճաբանութիւնը: Ինչո՞ւ խուլերը չեն վիճաբանիր, որովհետեւ չե՛ն լսեր: Այնպիսի խուլ անձեր կան, որոնք եթէ իրենց մասին ըսուածներէն մէկը միայն լսէին, կրակի կու տային ամբողջ շրջապատը: Սակայն կը տեսնենք, որ անոնք խելօք կը նստին անկիւն մը եւ անտարբեր հայեացքով կը նային զիրենք բամբասողներուն, նոյնիսկ ժպտալով անոնց, իբրեւ թէ մասնակից են խօսակցութեան նիւթին…
Վիճաբանութեան յաղթահարումը իմաստուն լռութիւնն է: Ինչո՞ւ «իմաստուն» բառը գործածեցինք այստեղ: Որովհետեւ սովորական լռութիւնը իմաստութեան նշան չէ՛: Երբեմն լուռ մնացողը յիմարի կամ խուլի տեղ կը դնեն մարդիկ: Իմաստուն լռութեան հոմանիշն է խոհեմութիւնը, որուն բարերար արդիւնքները կը վայելեն անոնք, որոնք գիտեն ճիշդ ժամանակին լռել գիտնալ:
Ծերունազարդ բարեկամս ժողովուրդին բերանը անկապելի կը համարէր: «Անիկա տոպրակ չէ՛ որ կարենաս կապել ու անկիւն մը դնել», կ՛ըսէր ան իրաւացի կերպով:
Վէճերուն տեսակները՝ ծանր, թեթեւ, երկար, կարճ, բոլորն ալ վէճ են ու կը վիրաւորեն մարդկային սիրտը: Ուրեմն, յաղթահարելու համար այս փորձութիւնը՝ վիճաբանութիւնը, փորձեր կատարէ ամէնէն խճողուած ու խօսակիցներով լեցուն վայրի մը մէջ երբեմն լուռ մնալ, նախապատրաստելով դուն քեզ վիճաբանական պահերու, երբ դժուար պիտի ըլլայ լռելը: