ՔԻԵՒ.- Ուքրանական «Կազեթա» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ Անգարա երբեք պիտի չընդունի Ռուսիոյ կողմէ Խրիմի կցումը:
Թրքական դիւանագիտութեան պետը Քիեւի մէջ Խրիմի թաթարներու արտաքսման 71ամեակին նուիրուած ձեռնարկի մը ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է. «Մենք երբեք չենք ընդունած եւ պիտի չընդունինք Խրիմի անօրինական կցումը»՝ խոստանալով օգնել թաթարներուն:
«Մեր ներկայութիւնը վառ վկայութիւնն է այն բանին, որ թուրք եւ ուքրանացի ժողովուրդները միշտ եղած են Խրիմի թաթարներուն հետ», ըսած է Չաւուշօղլու:
Յիշեցնենք, որ 2014ի Մարտին Խրիմի մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէին իբրեւ արդիւնք թերակղզին անջատուած էր Ուքրանիայէն եւ միացած Ռուսիոյ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.