Մայիս 15ին իր մահկանացուն կնքած է ամերիկեան ֆութպոլի աստղերէն Կարօ Եփրեմեան, որ ուղեղի քաղկցեղէ կը տառապէր։
1944ին Կիպրոսի Լառնաքա քաղաքին մէջ ծնած եւ կարճ ատեն Անգլիոյ մէջ ֆութպոլի արհեստավարժ մարզիկ դարձած Կարօ Եփրեմեան 1960ականներուն Միացեալ Նահանգներ հաստատուած է եւ դարձած է ամերիկեան արհեստավարժ ֆութպոլի մարզիկ, սկսելով Տիթրոյիթի «Լայընզ» խումբէն ու փայլելով յատկապէս Մայամիի «Տոլֆինզ» խումբին հետ իր խաղարկութեամբ, 1970-1978 տարիներուն։ Ան երկու առիթներով շահած է «Սուփըր Պոլ»ի բաժակը եւ 1970 տասնամեակին լաւագոյն մարզիկներէն մէկը ընտրուած է։