ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– 18 Մայիսին խորհրդարանական ոչ իշխանական խմբակցութիւնները՝ ՀՅԴն, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը, ՀԱԿը եւ «Ժառանգութիւն»ը, հրաւիրած էին խոր-հրդակցութիւն՝ որոշելու ելեկտրականութեան սակի բարձրացման դէմ կատարուող գործողութիւնները: Նշենք, որ Օրինաց Երկիր կուսակցութիւնը «տեխնիկական պատճառներով» չհասաւ մասնակցելու խորհրդակցութեան, սակայն մտադիր է միանալ նախաձեռնութեան: Նախորդ շաբաթ ՀԱԿ խմբակցութիւնը յայտարարած էր, որ պիտի նախաձեռնէ ելեկտրականութեան սակի բարձրացումը ուսումնասիրող ժամանակաւոր յանձնաժողովի ստեղ-ծման:
18 Մայիսին ոչ իշխանական խմբակցութիւններու խորհրդակցութենէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ԲՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Նայիրա Զոհրաբեան նշած է, որ աւելի նպատակայարմար նկատած են նախաձեռնել խորհրդարանական լսումներու, քանի որ անիկա աւելի շօշափելի կերպով պիտի անդրադառնայ հարցին, որմէ ետք կարելի է խօսիլ նաեւ ժամանակաւոր յանձնաժողովի ստեղծման հարցը: Պատգամաւորը նշած է, որ խորհրդարանական լսումներուն պիտի հրաւիրեն ՀԾԿՅի նախագահ Ռոբերտ Նազարեանը, ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Երուանդ Զախարեանը եւ, որ կարեւորագոյնն է, «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր»ու տնօրէնը եւ ելեկտրականութեան սակի դիմում ներկայացուցած բոլոր կազմակերպութիւնները, որպէսզի կարենան բոլոր շահագրգիռ կողմերուն հետ քննարկումներ ծաւալել՝ պարզելու համար, թէ ինչո՞ւ պէտք է քաղաքացին վճարէ օտար մասնաւոր կազմակերպութեան վատ ղեկավարման, վատ կառավարման պատճառով:
«Մի գուցէ իրենք ունե՞ն հիմնաւորումներ, ես ուզում եմ հասկանալ. երբ ՀԷՑի տնօրէնն ասում է, որ 3.5 միլիոն դոլարի բարեգործութիւն են արել, ուզում եմ հասկանալ՝ կորուստների հաշուի՞ն են արել, թէ՞ իրենց շահոյթների հաշուին են արել: Եւ հիմա ուզում են այդ բարեգործութիւնը քաղաքացիներից հանել: ԲՀԿն, ՀՅԴն, «Ժառանգութիւն»ը, ՀԱԿը գտնում են, որ պէտք է օր առաջ հրաւիրել խորհրդարանական լսումներ: Իսկ ժամանակաւոր յանձնաժողովի խնդրին կարելի է անդրադառնալ լսումներից յետոյ, քանի որ ժամանակաւոր յանձնաժողովը մի քանի ամիս կարող է ուսումնասիրել հարցը, այնինչ՝ ելեկտրաէներգիայի թանկացումը լինելու է Յունիսին կամ Յուլիսին», ըսած է Նայիրա Զոհրաբեան:
Արձագանգելով լրագրողներու այն դիտարկման, որ փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ լսումները էականօրէն ոչինչ կը փոխեն՝ Զոհրաբեան ըսած է. «Այդպէս եթէ դատելու լինենք, կարող ենք ասել, որ ժամանակաւոր յանձնաժողովներն էլ որեւէ բան չեն փոխում»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.