ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- 18 Մայիսին Հայաստան հասած է բժիշկ եւ ծաղրածու, հիւանդանոցային ծաղրածուական արուեստի հիմնադիր Հանթըր Տոհըրթի Էտըմզը, որ աշխարհի մէջ նշանաւոր է Փեթչ Էտըմզ անունով: Անոր Հայաստան այցելութեան գաղափարը քն-նարկուած է գործարար եւ բարերար, «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնարկի համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեանի հետ։ Այցելութիւն կը կազմակերպուի վերոյիշեալ հիմնադրամին եւ «Go2Armenia» ընկերութեան կողմէ՝ համագործակցելով համապատասխան պետական կառոյցներու, առողջապահական եւ ընկերային տարբեր հաստատութիւններու հետ:
Հայաստանի մէջ մէկ շաբթուան ընթացքին Փեթչ Էտըմզ հիւանդանոցային ծաղրածուներու խումբով Երեւանի, Գիւմրիի, Վանաձորի եւ Դիլիջանի մէջ պիտի այցելէ որբանոցներ, մանկական հիւանդնոցներ եւ հանդէս պիտի գայ իւրայատուկ ծրագիրով։
Բացի ատկէ, ան դասախօսութիւններ պիտի տայ Երեւանի Մ. Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանին եւ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին մէջ:
Փեթչ Էտըմզը մասնագիտութեամբ բժիշկ է, ընկերային ոլորտի նորարար, միաժամանակ կը նկատուի ծիծաղի հոգեբուժութեան եւ քլովնատայի հիմնադիրներէն մէկը աշխարհի մէջ։
Անոր բարեսիրական, նորարարական ծրագիրներու, բժշկող ծաղրածուական ներկայացումներու մասին գիտեն ամբողջ աշխարհի մէջ: Անոր կերպարն է, զոր մարմնաւորած է օսքարակիր դերասան Ռապին Ուիլիըմզը 1998ին պատրաստուած «Փեթչ Էտըմզ» ժապաւէնին մէջ:
1970ականներուն սկիզբը Փեթչ Ատըմզ Միացեալ Նահանգներու մէջ հիմնած է «Gesundheit institute»ը (Բարի առողջութեան հիմնարկ), որ կը գործէ որպէս բժշկական-կենսոլորտային հաստատութիւն, եւ ուր անվճար բժշկական օգնութիւն կը ցուցաբերուի:
Իր հիւանդանոցային ծաղրածուներու խումբով Փեթչ Էտըմզ տարեկան շուրջ ինը այցելութիւն կու տայ աշխարհի տարբեր երկիրներ: Անոնք ծաղրածուական հագուստներով ներկայացումներ կը կազմակերպեն հիւանդանոցներու եւ մանկատուներու, ծերանոցներու ու խնամատարական կեդրոններու մէջ: Փոքրիկները անոր ներկայացումներուն շնորհիւ կրնան արագօրէն յաղթահարել բարդ հարցերու ազդեցութիւնը: Փեթչ Էտըմզի ձեռնարկումներն ու գաղափարները վարակիչ են, անոր փորձառութիւնը նշանաւոր է ամբողջ աշխարհի մէջ, բազմաթիւ երկիրներու մէջ անիկա յաջողութեամբ կը կիրարկուի:
Ան համոզուած է, որ ծիծաղը հիւանդներուն կ՛օժանդակէ նաեւ ֆիզիքապէս: «Քաղցկեղի պարագային, օրինակ, ապացուցուած է, որ ծիծաղը կ՛օգնէ յաւելման «զինուոր-բջիջներ»ուն, որոնք կ՛ոչնչացնեն քաղցկեղի բջիջները: Ծիծաղը կ՛ամրապնդէ դիմադրողական համակարգը», հաստատած է ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.