ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան խորհրդարանական ընտրութիւններուն հետեւած Միացեալ Նահանգներու դիտորդները տպաւորուած են ընտրական ամբողջ գործընթացի արհեստավարժութեամբ ու ընտրողներու ներգրաւուածութեամբ:
«Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի ունեցան թափանցիկ, ազատ, արդար պայմաններու մէջ, մրցակցային էին եւ կը համապատասխանեն միջազգային չափանիշներուն: Մենք Արցախի մէջ կատարուած ընտութիւնները կը դիտարկենք որպէս ժողովրդավարութեան օրինակ», 6 Մայիսին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Քալիֆորնիա նահանգի «Պըրքլի» համալսարանի ընտրութիւններու կառավարման հետազօտութեան կեդրոնի տնօրէն Քերին ՄըքՏանըլտ:
Քալիֆորնիոյ Սանթա Քրուզ շրջանային վարչակազմի աշխատակից Կէյլ Լ. Փելերին յատկապէս տպաւորուած է ընտրողներուն մասնակցութեամբ եւ ներգրաւուածութեամբ: Ամերիկացի պաշտօնատարը վստահեցուցած է, որ՝ վերադառնալով Քալիֆորնիա, Սանթա Քրուզի կառավարիչներու խորհուրդէն պիտի խնդրէ աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի շարունակական ջանքերուն՝ որպէս անկախ ու ազատ երկիր զարգացման: «Տեսածս շատ լաւ կազմակերպուած եւ նախապատրաստուած ընտրութիւններ էին: Ընտրողները ներգրաւուած եւ տեղեկացուած էին», յայտնած է ան:
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման խնդիրին՝ ան նկատել տուած է. «Որքան մեծ թիւով ամերիկեան նահանգներ ճանչնան Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, այնքան մեծ պիտի ըլլայ հաւանականութիւնը, որ մենք կարենանք համոզել Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը՝ նման դիրքորոշում որդեգրելու»:
Կէյլ Լ. Փելերին ընդգծած է, որ Ղարաբաղը ունի ղեկավարութիւն, լաւ գործող ընտրական համակարգ: «Անոնք ընտրական գործընթացը բարելաւելու ուղիներ կը փնտռեն: Ատիկա կ՛օգնէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան, որպէսզի համոզէ բոլորին, թէ Լեռնային Ղարաբաղը անկախ պետութիւն է», հաստատած է ան։
Ըստ անոր՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ընտրութիւնները կայացած են աշխարհի այլ երկիրներուն մէջ տեղի ունեցող ընտրութիւններուն մակարդակով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.