ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ընդառաջելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանի եւ Ազգային վարչութեան հրաւէրին, Չորեքշաբթի, Մայիս 6ին, Արամ Ա. կաթողիկոս հովուապետական այցելութեամբ ժամանեց Միացեալ Նահանգներ: Վեհափառը պիտի այցելէ Ուաշինկթընի, Նիւ Ճըրզիի, Ֆիլատելֆիոյ, Նիւ Եորքի, Պոսթընի, Տիթրոյիթի, Շիքակոյի եւ այլ շրջաններու համայնքները ու իր հայրապետական պատգամը պիտի փոխանցէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Հայկական գաղութներ այցելութեան առընթեր, կաթողիկոսը շարք մը միջեկեղեցական եւ քաղաքական հանդիպումներ պիտի ունենայ: Հովուապետական այցելութեան առաջին հանգրուանը պիտի ըլլայ Ուաշինկթընը, ուր վեհափառը նաեւ ներկայ պիտի գտնուի 100ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն:
Հովուապետական այցելութեան ընթացքին կաթողիկոսին պիտի ընկերանան Արեւելեան թեմի առաջնորդը, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Քանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Մեղրիկ եպս. Բարիքեան, Արեւելեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Անուշաւան եպս. Դանիէլեան, կաթողիկոսարանի Միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան եւ գաւազանակիր Պետրոս աբղ. Մանուէլեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.