ԹԵՀՐԱՆ, «Ֆարս».- Իրանի քարիւղի փոխնախարար Ապպաս Շահրի Մուքատամ յայտնեց, որ ամերիկեան քարիւղի մարզէն պատուիրակութիւն մը պիտի այցելէ Իրան՝ քննելու համար ուժանիւթի մարզին մէջ ներդրումներ կատարելու կարելիութիւնները:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներ Թեհրանի դէմ հաստատած է պատժամիջոցներ, որոնց հիմամբ ամերիկացիներուն եւ ամերիկեան ընկերութիւններուն արգիլուած է Իրանի քարիւղի մարզին հետ ուղղակի կամ անուղղակի գործառնութեանց մէջ մտնել եւ որեւէ ներդրում կատարել:
Իրանի քարիւղի փոխնախարարը նշեց, որ կը նախատեսուի, որ ամերիկեան պատուիրակութիւնը Թեհրան այցելէ, որպէսզի իրանեան քարիւղի մարզին դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն ջնջումի պարագային, ամերիկեան քարիւղի եւ կազի ընկերութիւնները պատրաստ ըլլան Իրանի մէջ ներդրումներ կատարելու:
Ան աւելցուց, որ եւրոպական եւ ամերիկեան շարք մը ընկերութիւններ արդէն իսկ պատրաստակամութիւն յայտնած են Իրանի մէջ ներդրումներ կատարելու: