ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան 4 Մայիսին ընդունած է Գերմանիոյ Պրանտենպուրկ երկրամասի խորհրդարանի խումբ մը անդամներ, որոնք Արցախ կը գտնուին դիտորդական առաքելութեամբ:
Վարչապետը ողջունած է անոնց որոշումը՝ այցելելու Արցախ, եւ համոզում յայտնած, որ անիկա սկիզբ է հետագայ արդիւնաւէտ համագործակցութեան:
Գործադիրի ղեկավարը կարեւոր նկատած է պարբերական կապերուն արժէքը՝ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու առնչութեամբ միացեալ ծրագիրներ իրականացնելու տեսանկիւնէն:
Հիւրերը ներկայացուցած են իրենց տպաւորութիւնները 3 Մայիսին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ՝ զանոնք համարելով ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն ամբողջութեամբ համապատասխանող: Կողմերը յստակ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերած են հետագայ համագործակցութեան առնչութեամբ: