ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Արցախի Ազգային ժողովի նախընտրական քարոզչութիւնը 1 Մայիսին արդէն կ՛աւարտի։
Հանրապետութեան 279 ընտրական տեղամասերը պիտի բացուին 3 Մայիսին, առաւօտեան ժամը 8ին:
Հայաստանի մէջ Արցախի քաղաքացիներու ընտրական իրաւունքը պահպանելու նպատակով, մէկ ընտրական տեղամաս հաստատուած է Երեւանի մէջ Արցախի ներկայացուցչութեան օր:
Նշենք, որ Արցախի Ազգային ժողովի 33 աթոռներէն 11ին համար՝ մեծամասնական ընտրակարգով, պիտի պայքարի 50 հոգի: Համամասնական ընտրակարգով ընտրապայքար պիտի մղէ 7 կուսակցութիւն՝ 167 թեկնածուներով, 22 տեղի համար:
Ընտրութիւններուն կը հետեւին դիտորդներ 90 երկիրներէ, որոնց շարքին են այնպիսի երկիրներ, որոնք առաջին անգամ ըլլալով պիտի ներկայացնան այս առաքելութեամբ՝ Էսթոնիա, Իտալիա, Լիւքսեմպուրկ, Մեքսիքա եւ Զիմպապուէյ:
2015ի խորհրադարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու ընտրական իրաւունք ունի 101,739 քաղաքացի, որոնց կարգին նաեւ զինուորական ծառայողներ:
Նախորդ խորհրդարանական ընտրութիւններուն հետ բաղդատելով՝ այս տարի, ընտրողներուն թիւը աւելցած է 3221ով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.