Իրենց հաստատումով, ամսական 12 հազար դրամ պէտք է վճարել արտօնագրութեան համար, մօտ 50 հազար դրամ՝ հաշուիչ տեղադրելու, ամսական 2400 դրամ՝ հաշուիչի կապարակնքման համար, կան նաեւ այլ տուգանքներ ու կարմիր գիծերու վերաբերող վճարումներ: Արտօնագրութիւն չունեցող վարորդները կը տուգանուին 50,000 դրամով: Ինքնաշարժի դիմացի կողմը կամ բեռ փոխադրող բաժինը ծանուցում տեղադրելու պարագային կրնան տուգանուիլ 30,000 դրամով: Մօտաւոր հաշիւներով, որպէս թաքսիի վարորդ գործի սկսելու համար մօտ 100 հազար դրամ գումար անհրաժեշտ է, իսկ վարորդները մտահոգ են եւ հարց կու տան, որ դեռ աշխատանքի չսկսած ուրկէ՞ նման գումար հայթայթեն, իսկ աշխատելու պարագային ալ փող վաստակելու երաշխիք չկայ:
«Աւտովարորդների պաշտպանութեան լիգա»ի իրաւաբան Մկրտիչ Մուրադեան ըսած է, որ ինքնաշարժներու կայանի խնդիր միշտ ալ ունեցած են թաքսիի վարորդները: Արտօնագրութեան գործընթացի խնդիր եւս ունին շատեր, կը փորձեն լուծումներ գտնել, բայց ապարդիւն:
Թաքսիի վարորդները իրենց հաւաքը ամփոփելով յայտարարած են. «Բողոքի ակցիաները կը շարունակենք այնքան ժամանակ, մինչեւ վերականգնուեն մեր իրաւունքները»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.